ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մարտ 11ին կայացած է տնտեսական քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու մասին խորհրդակցութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, թէ Հայաստանի իշխանութեան համար գերակայ խնդիր պէտք է ըլլայ ե՛ւ կարճաժամկէտ, ե՛ւ երկարաժամկէտ հատուածներու ընթացքին գնաճի հնարաւոր զսպումը։ Երկրի ղեկավարը նշած է, թէ պէտք չէ հանգստանալ այն փաստով, որ 2010ին ինը տոկոսանոց աճ արձանագրուած է արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, քանի որ, այնուամենայնիւ, հիմքը ցած եղած է. «Մենք այս տարի պէտք է ունենանք շատ լուրջ արդիւնքներ», ըսած է ան:
Հայաստանի նախագահը կ՛ակնկալէ ՀՀ կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան աւելի ներդաշնակ աշխատանք, ինչպէս նաեւ համարձակ ու ոչ աւանդական քայլեր։ «Ես հասկանում եմ, որ փլանաւորուած պիւտճէի տեֆիցիտի (պակասորդի) էապէս նուազեցուած մակարդակը, տնտեսական աշխուժացումը, դրամավարկային քաղաքականութիւնը որոշակի արդիւնքների յանգեցնելու են, բայց մեզ դա բաւարար չէ, մեզ աւելին է հարկաւոր: Ուզում եմ, որպէսզի մենք աւելի մանրամասն զբաղուենք այս խնդրով, որպէսզի այս խնդրի լուծմանը ներգրաւէք նաեւ մեր վերահսկողական ծառայութեանը, տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան յանձնաժողովին», նշած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը կ՛ակնկալէ, որ պաշտօնեաները աւելի մանրամասն կերպով հասկնան ապրանքներու եւ յատկապէս առաջնային համարուող ապրանքներու գիներու գոյացման գործընթացը՝ ի՞նչ գինով ձեռք բերուած է տուեալ ապրանքը, փոխադրութեան համար որքա՞ն ծախս յատկացուած է անոր եւ ի՞նչ գինով վաճառուած է ատիկա:
«Մենք ունենք բոլոր հնարաւորութիւնները եւ բոլոր միջոցները, որպէսզի այս խնդիրը լուծենք հէնց իրաւական դաշտում», ընդգծած է Հայաստանի նախագահը, որուն խօսքով, պէտք է լուրջ աշխատանք տանիլ ներածողներուն եւ արտադրողներուն հետ:
«Կառավարութիւնը եւ Կեդրոնական դրամատունը պէտք է հասկանան, որ տարեվերջին մենք պէտք է ունենանք առնուազն գնաճի կրկնակի ցածր մակարդակ, քան ունեցանք նախորդ տարի, եւ այս թիրախը մշտապէս լինելու է իմ ուշադրութեան կեդրոնում», ընդգծած է երկրի ղեկավարը:
Հայաստանի նախագահը այս տարի աճ կ՛ակնկալէ նաեւ շինարարութեան բնագաւառին մէջ. «Այն ծրագրերը, որ մենք սկսել ենք եւ սկսելու ենք, լաւ հիմք են, որպէսզի աշխուժութիւն լինի շինարարութեան բանագաւառում», ըսած է Սարգսեան եւ աւելցուցած, թէ նախատեսուած միջոցները բաւարար են, որ այս տարի Հայաստանի մէջ շինարարութեան բանագաւառը լուրջ աճ արձանագրէ:
Ըստ երկրի ղեկավարին, քաղաքաշինութեան նախարարն ու փոխադրութեան եւ կապի նախարարը պէտք է նշեալ ոլորտին մէջ հանդէս գան այդ ծրագիրները արագացնողի դերով. «Պէտք է նայել, թէ արդեօք այն փոփոխութիւնները, որ մենք անում ենք՝ տարբեր լիցենզիաներ, թոյլտուութիւններ փոփոխելով, դրանք օգո՞ւտ են բերում, թէ ոչ: Վերջիվերջոյ, մարդիկ պէտք է մէկ դաշտ ունենան, այդ դաշտին յարմարուեն եւ աշխատեն», նշած է Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուցած. «Կառավարութեան վերջին նիստերի ընթացքում բազմաթիւ լիցենզիաներ է վերացրել, կարգեր փոխել, բայց այդ մասին պէտք է իմանան բոլորը, յատկապէս նրանք, ովքեր զբաղուած են շինարարութիւնով»:
Երկրի ղեկավարը իր ելոյթին մէջ յիշած է աւանդական այն խօսքը, ըստ որուն՝ պետական ծրագիրները պէտք է որեւէ նկատելի փոփոխութիւն մը բերեն երկրին մէջ. բան մը, որ ըստ Հայաստանի նախագահին, պետութիւնը կը փորձէ կատարել, սակայն, անհասկնալի պատճառներով՝ չ՛երեւիր: Նախագահ Սարգսեան յայտնած է, թէ քաղաքաշինութեան, փոխադրութեան եւ կապի նախարարները պէտք է այնպէս ընեն, որ այս տարի այդ փոփոխութիւնները բացայայտ երեւին։ Ան շեշտած է, թէ ծրագիրերու ձախողութեան կամ անհարկի ձգձգման պարագային, արդարացումները ընդունելի պիտի չըլլան։
Խորհրդակցութեան ընթացքին, գիւղատնտեսութեան ոլորտին անդրադարձող բաժինով, Հայաստանի նախագահը նշած է, թէ նշեալ ոլորտը պէտք է բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը ըլլայ։ Նախագահը իր զարմանքը յայտնած է այն բանին համար, որ գիւղացին հող ունի, բայց աղքատ է։
«Մեզնից իւրաքանչիւրը պարբերաբար պէտք է այցելի գիւղ՝ ե՛ւ վարչապետը, ե՛ւ փոխվարչապետը, բոլոր նախարարները: Ինքս եմ պարբերաբար գնալու գիւղ, զբաղուելու գիւղատնտեսական խնդիրներով եւ ինքս եմ որոշ ծրագրեր հսկողութեան տակ պահելու: Այդ ծրագրերի արդիւնքները պէտք է երեւան: Գիւղացին պէտք է տեսնի, որ ինքը մենակ չէ», ըսած է նախագահը եւ հարց տուած, թէ ի՞նչ են պատճառները, որոնք գիւղացիները կը մղեն չմշակելու հողը։ «Ի հարկէ, միշտ էլ կարելի է ասել, որ մեր գիւղացիների ինչ-որ մասը չի ուզում աշխատել, եւ այլն, եւ այլն: Այդպիսի բան չկայ: Եթէ մարդը տեսնի, որ հողի վրայ աշխատելով՝ կարողանում է արժանավայել ապրել, հաստատ կ՛աշխատի: Ինչո՞ւ Արարատեան դաշտավայրում աւելի շատ են աշխատում հողի վրայ, քան այլ տեղեր. որովհետեւ իրենց աշխատանքի արդիւնքը տեսնում են», յայտնած է Սերժ Սարգսեան:
Դիմելով խորհրդակցութեան ներկայ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանին՝ Հայաստանի նախագահը մատնանշած է, թէ «Բազմաթիւ անգամներ, այդ թւում՝ երբ Դուք դեռ գիւղնախարար չէիք, ինձ ասում էիք, որ գիւղացիները որեւէ խնդիր չունեն՝ աճեցրած ապրանքն իրացնելու հետ կապուած: Բայց ինչո՞ւ մենք դրա մասին հրապարակաւ չենք ասում: Ինչո՞ւ չէք ասում՝ ես որպէս գիւղատնտեսութեան նախարար, երաշխաւորում եմ, որ ձեր աճեցրած բարիքն անպայման կարողանալու էք սպառել: Ասէ՛ք, եթէ այդպէս է: Եթէ այդպէս չէ, ապա ուրեմն պէտք չեն այդպիսի խօսակցութիւններն ընդհանրապէս, եւ պէտք է անընդհատ վերամշակող արդիւնաբերութեան հնարաւորութիւնները մեծացնել: Մանաւանդ, որ մեր վերամշակուած արտադրանքը հեշտութեամբ կարելի է արտահանել: Ես յիշում եմ, մի քանի ամիս առաջ, երբ ձեր ձեռնարկութիւնում էի, ասում էիք, որ չէք հասցնում վերամշակել ու արտահանել, որովհետեւ ներքին շուկայում սպառման ծաւալները մեծ են: Դէ ուրեմն, հիմա մարդկանց բացատրէք, օգնէք, որ աւելի շատ արտադրեն, որպէսզի աւելի շատ վերամշակէք»: