
ԹՈՔԻՕ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Մարտ 11ին, 8.9 աստիճանի երկրաշարժ մը հարուածեց Ճափոնը։ 140 տարիէ ի վեր, Ճափոնը հարուածած ամէնէն ուժգին սոյն երկրաշարժը յառաջացուց մինչեւ 30 ոտք բարձրութեամբ ալիքներ պատճառած հսկայ ծովաշարժ մը, որ քանդեց իր ճամբուն վրայ գտնուող տուներ, ինքնաշարժներ եւ ագարակներ։
Արձանագրուեցան առնուազն հարիւրաւոր զոհեր, սակայն անոնց թիւը կրնայ բարձրանալ։ Զոհեր արձանագրուեցան Թոքիոյի հիւսիսը գտնուող Ֆուքուշիմա շրջանին մէջ, ուր ջրամբարտակ մը քանդուած է ու չորս միլիոն բնակարաններու ելեկտրականութիւնը ընդհատուած։ Թոքիոյի արեւելքը գտնուող Թոչիկի շրջանին մէջ եւս զոհեր արձանագրուեցան, իսկ Սենտայի քաղաքին մէջ պանդոկ մը փուլ եկաւ։
Ահազանգային վիճակ տիրեց նաեւ Ֆիլիփինի, Թայուանի, Ինտոնեզիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներուն մէջ, մինչ Խաղաղականի ծովաշարժի զգուշացման կեդրոնը Խաղաղական ովկիանոսի արեւմուտքը գտնուող երկիրներուն, մինչեւ իսկ Քոլոմպիայի եւ Փերուի, ահազանգ հնչեցուց՝ զգուշացնելով, որ ծովաշարժը այդ երկիրները եւս կրնայ հարուածել։
Մինչեւ 7 ոտք բարձրութեամբ ալիքներ Ուրբաթ առաւօտեան հարուածեցին Միացեալ Նահանգներու Հաուայի կղզիները, իսկ Օրիկընի ու Քալիֆորնիոյ մէջ եւս նախազգուշական քայլեր առնուեցան ու ծովեզերեայ բնակչութիւնը աւելի բարձր վայրեր տեղափոխուեցաւ: Յիշեցնենք, թէ հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Քրեսընթ Սիթի քաղաքին մէջ, 1964ին տեղի ունեցած ծովաշարժ մը 11 զոհ խլած էր:
Միւս կողմէ, Ճափոնի մէջ տեղի ունեցան նաեւ բազմաթիւ յետցնցումներ՝ 6 աստիճանի շուրջ։ Թոքիոյի մէջ շէնքերը ուժգին կերպով ցնցուեցան։ Քաղաքին մօտ գտնուող քարիւղի զտարանի մը մէջ հսկայ հրդեհ յառաջացաւ, իսկ 11 հիւլէական կայաններ դադրեցուցին իրենց աշխատանքը։
Միլիառաւոր տոլարի վնաս պատճառած երկրաշարժը աշխարհի տարածքին ցարդ արձանագրուած 7րդ ամենազօրաւոր ցնցումն է:
Յայտնենք, թէ հիւսիսարեւելեան Ճափոնի երկրաշարժէն քանի մը ժամ առաջ, Չինաստանի մէջ երկրաշարժ մը առնուազն 24 զոհ խլած է: