
Ճափոնը հարուածած երկրաշարժէն ետք, Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը կապ հաստատեց արտերկրի մէջ Ճափոնի ներկայացուցիչներուն հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք բնական աղէտի պատճառած զոհերուն համար, պատրաստակամութիւն յայտնեց, ՀՕՄի կարելիութեան սահմաններուն մէջ, օժանդակութեան ձեռք երկարելու արդէն կէս միլիոնի սահմաններուն հասնող անօթեւան քաղաքացիներուն:
Այսու կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, Ճափոնի աղէտեալներուն օժանդակութեան ձեռք մեկնել Հայ Օգնութեան Միութեան ճամբով:
Ձեր նուիրատուութիւններուն համար կրնաք դիմել ձեր երկրին մէջ գործող Հայ Օգնութեան Միութեան վարչութեան կամ ձեր նուիրատուութիւնը կատարել ուղղակի, այցելելով ՀՕՄի կայքէջը (www.ars1910.org) եւ սեղմելով Ճափոնի Օժանդակութեան ՀՕՄի Ֆոնտին վերաբերող մասին վրայ:
Ձեր շրջանի ՀՕՄի միաւորի հասցէն ու կապի տուեալները եւս կրնաք գտնել մեր կայքէջին վրայ, «ՀՕՄի Միաւորներ» բաժինին մէջ: