Հայ բանաստեղծութեան ծրագիրի հրատարակութեամբ, վերջերս լոյս տեած է Լոլա Գունտաքճեանի «Ակամայ Դէտ» (The Accidental Observer) եռալեզու (անգլերէն, հայերէն ու սպաներէն) բանաստեղծական հատորը:
Հայերէն բանաստեղծութիւններուն խմբագրումը կատարած է Մարուշ Երամեան, իսկ սպաներէնի թարգմանութիւնը՝ Լէոն Պլանքոն: Հատորը նուիրուած է հեղինակին մեծմօր ու անոր դուստրերուն:
Հատորին գինը 12 տոլար է: Անկէ օրինակ մը ապսպրելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.lolakoundakjian.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.