
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի եւս Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին մէջ:
Ապրիլ 14ին, Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներ պիտի այցելեն Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ու Ծերակոյտի զանազան անդամներու գրասենեակները, Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար անոնց հետ:
Նաեւ, յատուկ նիստեր տեղի պիտի ունենան Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին ու Ծերակոյտին մէջ, ուր պիտի վաւերացուին Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւեր:
Նոյն օրը, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի շէնքին մէջ բացումը պիտի կատարուի Միջին Արեւելքի հիմնարկին նուիրուած ցուցահանդէսի մը: Հիմնարկը կազմուած էր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ, օժանդակութիւն հասցնելու համար Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն:
Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ ոգեկոչման սոյն նախաձեռնութեան, պէտք է կապ հաստատեն Թերեզա Երիմեանի հետ, (818) 500-1918 թիւով: