ԵՐԵՒԱՆ, «Նովըստի-Արմէնիա».– Մարտ 29ին «Կոլըս Ռոսսիի» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի բաժանմունքի տնօրէն Անտրէյ Գելին յայտարարած է, թէ կովկասեան տարածաշրջանի իրավիճակը կայուն է, սակայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ յաճախակի դարձած փոխհրաձգութիւնները մտահոգիչ դարձած են։
«Հայաստանի–Ատրպէյճանի գծով իրավիճակը բարդ է, այնտեղ իսկապէս լարուածութեան աճ կ՛արձանագրուի, փոխհրաձգութիւններու յաճախակիութիւն, օրինակ՝ նախորդ տարուան համեմատ: Եւ, ի հարկէ, կան նաեւ մտավախութիւններ, որ անոնք կրնան որոշ պայմաններու պարագային վերածուիլ որեւէ խոշոր բանի», ըսած է Գելին: