
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կիրակի, Մարտ 13ին կայացած «Արարատ տան» ընդհանուր ժողովին, վարչութեան ատենապետ Նազար Աշճեան հաղորդեց, թէ հիմնարկը յաջողութեամբ լեցուն տարեշրջան մը եւս ամբողջացուցած է՝ արժանանալով նահանգային եւ դաշնակցային իշխանութեանց դրուատիքին:
Տարբեր մասնաճիւղերէ ու յանձնախումբերէ 125 ներկայացուցիչներ նաեւ ծանօթացան իւրաքանչիւր յանձնախումբի գործունէութեան:
Նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին իրականացած դրամահաւաքի զանազան ձեռնարկներէ կարելի եղած է 222,500 տոլար գոյացնել:
«Արարատ տան» մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր առաքելութեան օժանդակելու համար, այցելել՝ www.ararathome.org կայքը: