ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Աւելի քան երեք հարիւր հոգի մէկ մեծ ընտանիքի նման հաւաքուած՝ նշեց հեռաւոր Քուէյթի Ազգային վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը:
Դպրոցի շրջանաւարտներ, այնտեղ պաշտօնավարած մանկավարժներ, դպրոցը ոտքի կանգնեցլու սրբազան գործին նուիրեալներ եւ անոնց ընտանեկան պարագաները յաջողեցան իրենց վարժարանի տօնը նշել այնպիսի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, որ երկար ատեն պիտի քաղցրօրէն յիշուի բոլորին կողմէ:
Ձեռնարկի հանդիսավար՝ Յասմիկ Ճուպանեան-Գարակէօզեանի բարի գալուստի խօսքերու ոճն ու մատուցումը արդէն իսկ սրահը դրաւ ճիշդ մթնոլորտի մէջ: Երեխայ թէ հազիւ քալելու ի վիճակի եղող տարեցներ, բայց մեծաւ մասամբ երիտասարդներ էին ներկաները, որոնք ընտանեկան կարեւոր առիթ մը միասին անցընելու տրամադրութեամբ լեցուած՝ իրար ողջունելու, իրար հետ զրուցելու պատրաստ էին, բայց նաեւ յարգալիր էին ու օրուան յայտագրին հետեւելու կարգապահութիւնը կը ցուցաբերէին:
«Յիսուն տարիներ առաջ Քուէյթի կիզիչ անապատին մէջ քանի մը հարյրենասէր անձերու գաղափարով եւ նուիրումով ծաղկած այս վարժարանը դիմացաւ ամէն տեսակի դժուարութիւններու՝ շնորհիւ հայու աննկուն նկարագրին», յայտնեց Յասմիկ ու յիշելէ ետք դպրոցի կողքին միշտ կանգնած ազնիւ հայորդի Վիգէն Շաղզոյեանի անունը, հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու անոր թարմ յիշատակը:
Յասմիկ յատուկ գնահատանքով յիշեց այն պահը, երբ, քսան տարիներ առաջ, իրաքեան ներխուժումի օրերուն, Քուէյթի դպրոցի ծանր վիճակը թեթեւցնելու համար Լոս Անճելըսի շրջանը ապրող նախկին քուէյթահայերը սիրով ձեռք մեկնեցին իրենց սիրելի հաստատութեան եւ օժանդակութիւն հասցուցին անոր:
Ապա, Մարալ Գույումճեան-Մանուկեան, օրուան ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբի ատենապետուհին, ընթերցեց Քուէյթի Ազգային վարժարանի յոբելինական հանդիսութիւններու կեդրոնական գործադիր Մարմինի ուղերձը, ուր կը շեշտուէր որ «անցնող յիսուն տարիները դպրոցին համար եղած են լի բազում փորձութիւններով ու ձեռք բերուած նուաճումներով»։
«Քուէյթի հայկական համայնքի ձեւաւորման եւ Ազգային Վարժարանի ստեղծման ու ծաղկեցման գործին մէջ իր ուրոյն դերն ու տեղը ունի նաեւ այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հաստատուած հայ ազգի արժանի զաւակներէն ստուար զանգուած մը… Ձեր եւ ձեր նման ազգանուէր ու բարեացակամ, ազգային վեհ արժանիքներով եւ ազգային պատկանելութեան բարձր գիտակցութեամբ տոգորուած մարդոց շնորհիւ, մեր ինքնութեան զօրութեան մասին վկայելու ելան հայ դպրոցը շէնցնող ու պայծառացնող առաքեալներ, որոնց շնորհիւ հայ գիրն ու գրականութիւնը ճանչցան ու իրենց հայու նկարագիրը կերտեցին հարիւրաւոր փոքրիկներ», գրուած էր ուղերձին մէջ:
«Փառք ու պատիւ քեզ, սիրելի Ազգային վարժարան, դուն, որ դարձար մեր կրթութեան ու ազգային դաստիարակութեան դարբնոցը: Առաւել փա՛ռք քեզ կերտողներուն, որոնցմէ շատեր այժմ կը գտնուին այստեղ, այս միջոցառման։ Փառք ու պարծանք մեր հերոսներուն, որոնք թէեւ Ֆիզիքապէս այստեղ չեն, բայց անոնց յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր եւ սերունդներուն մէջ», կ՛ըսէր գործադիր մարմինի ուղերձը ու կ՛եզրակացնէր շեշտելով, թէ «մենք կը հաւատանք, որ մեր անցեալի սերմերը պիտի աճին ու բազմանան, պիտի ծլարձակին ու պտղաբերեն, մեր արեան մէջ շրջագայող այն ներուժը, որ պիտի կրկին վերածուի հսկայ ապառաժի, որուն վրայ կը փշրուին ամէն ձախող երեւոյթ, ամէն տկար իրողութիւն ու միայն կը մնայ այն անթառամ գործն ու աշխատանքը, որուն արդար ժառանգորդներն ենք մենք, դուք եւ գալիք մեր սերունդները»։
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերը եկած էր հեռաւոր Գանատայէն: Նախկին տնօրէն ու յայտնօրէն իր աշակերտներուն, պաշտօնակիցներուն ու ծնողներուն մէջ մեծ յարգանք ու սէր վայելող, Մանուէլ Չարշաֆեանն էր ան:
Չարշաֆեանի խօսքը անմիջական էր, ջերմ, լի անցեալի վառ յիշատակներով, գնահատանքով, սիրով ու երախտիքով:
Քուէյթի դպրոցի հիմքերը ուժեղ են ու անքակտելի, որովհետեւ անոնց մէջ շաղախուած է «քուէյթահայ գաղութի Արդար Մարդոց՝ Արդար Քրտինքով», յայտարարեց Չարշաֆեան:
Շատ դիւրին էր ձեր ծնողներուն համար, ձեզ ձրի վարժարաններ ուղարկելը, սակայն, անոնք ձեզ վստահեցան ազգային վարժարանին, այնտեղ ծառայող նուիրեալներուն, որոնք ոչ թէ ուսում կը ջամբէին միայն, այլ՝ կը կրթէին իրենց աշակերտները, անոնց կը փոխանցէին մեր նախնիներուն աւանդները, զանոնք կը վերածէին յանձնառու հայորդիներու, որոնք կ՛ուղղորդուէին հայ համայնքներէն ներս, ստանձնելու համար կարեւոր պարտականութիւններ ու պատասխանատուութիւններ:
«Այժմ հերթը ձերն է, սիրելի երիտասարդ հայրեր ու մայրեր», յայտնեց Չարշաֆեան, խօսքը ուղղելով դպրոցի շրջանաւարտներուն: «Ձեր ծնողներէն ժառանգած սուրբ աւանդը դուք ալ պարտիք փոխանցել ձեր զաւակներուն՝ զանոնք ուղարկելով հայկական կրթօճախներ, որպէսզի յետագային անոնք ալ դառնան գործօն դերակատարներ մեր ազգային հաստատութիւններուն, կուսակցութիւններուն ու մշակութային միութիւններուն մէջ», ըսաւ ան ու իր խօսքը եզրափակեց Վահան Թէքէեանի յայտնի «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութեամբ:
Նախկին տնօրէնը իր պատգամէն ետք կարգով բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանն ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, Քուէյթի համայնքի ազգային իշխանութեան, ազգային դպրոցի հպգաբարձական կազմի, տիկնանց միութեան, համեստ նուիրեալներ՝ ծառայասէրներ Յարութիւն Քէօսեանը, Յակոբ Խոտանեանն ու Անդրանիկ Քիլէճեանը, նախկին ուսուցիչներն ու պաշտօնէութեան մաս կազմողները, անոնց փոխանցելով յատուկ պատրաստուած գնահատագիրներ:
Խօսք առաւ ու գնահատանքի ու շնորհաւորանքի իր զգացումները փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Միւռոն Ծ. վարդապետ Ազնիկեանը եւ ՀՅԴ Ահարոնեան կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Վահէ Պօզոյեանը:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն: Ներկաները իրենց սիրելի վարժարանին համար կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.