
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու», «Մարմարա».- Եւրոպական Միութեան մօտ Թուրքիոյ աւագ բանագնաց ու պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի երկօրեայ Փարիզ այցելութեան ընթացքին, յաճախակի կերպով օրակարգի բերուեցաւ այն օրինագիծը, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ պատիժ կը սահմանէ։ Ան քանի մը առիթներով պահանջած է ֆրանսացի պաշտօնատարներէն, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտի օրակարգէն դուրս բերեն բանաձեւը։
«Քաղաքական գործիչները չեն կրնար պատմաբաններու դեր ստանձնել։ Քաղաքական գործիչի պարտականութիւնը անցեալը բացայայտելը չէ, այլ ապագան ճիշդ կառուցելը», ըսած է ան Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին։
Պաղըշ անգամ մը եւս կրկնած է, որ Թուրքիա Հայաստանի առաջարկած է բանալ արխիւները եւ ստեղծել պատմաբաններու ու գիտնականներու յանձնախումբ, սակայն Հայաստան այդ առաջարկը անպատասխան ձգած է։ Ան նաեւ կոչ ուղղած է ֆրանսացի օրէնսդիրներուն՝ աշխոյժ կերպով միջատմելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթին։
Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիյէ»չ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ Պաղըշի, Ֆրանսայի նախագահի գլխաւոր խորհրդական Ժան Տաւիտ Լեւթ յայտնած է, թէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի հաւանութիւն պիտի չտայ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացողներուն դէմ քրէական պատիժ սահմանող օրինագիծին։ Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիա պէտք է աշխատանք տանի օրինագիծի հեղինակ՝ Ընկերվարական կուսակցութեան մօտ։
Պաղըշ իր այս շաբթուան այցելութեան ընթացքին Փարիզի թուրք բնակիչներուն հետ եւս հանդիպում մը ունեցաւ՝ անոնց թելադրելով, որ իրենց ամբողջ ուժով դէմ գան Ծերակոյտի մէջ սոյն բանաձեւի քննարկման։ Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը պատրաստուի Մայիս 4ին քննելու բանաձեւը, որ արդէն իսկ վաւերացուած է Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ։ Օրինագիծը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողները պիտի դատապարտէ մինչեւ 5 տարուան բանտարկութեան եւ 45,000 եուրօ տուգանքի։