ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Ապրիլ 7ի կառավարութեան նիստին ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանին յանձնարարած է ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան անդամները հրաւիրել նախարարութիւն եւ անոնց հետ քննարկել նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացման վերաբերեալ անոնց առաջարկը:
Վարչապետը այդ յանձնարարութիւնը բացատրած է ըսելով, որ կառավարութիւնն ու ՀՅԴն կառուցողական երկխօսութիւն կը վարեն:
Նշենք, որ կառավարութիւնը բացասական եզրակացութիւն պատրաստած էր ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան օրէնսդրական այն նախաձեռնութեան վերաբերեալ, ըստ որուն, կ՛առաջարկուի Հայաստանի մէջ կտրուկ բարձրացնել նուազագոյն աշխատավարձը:
Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ նուազագոյն աշխատավարձը սահմանել միջին աշխատավարձի 50 տոկոսին չափով, այսինքն՝ նուազագոյն աշխատավարձը պէտք է գերազանցէ 50 հազար դրամը:
Կառավարութիւնը իր եզրակացութեան մէջ նշած է, որ նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացումը պիտի յանգեցնէ պիւտճէի եկամուտներու կրճատման եւ ծախսերու աւելացման, ինչպէս նաեւ գնաճ պիտի ստեղծէ: Նշուած է, որ միայն այդ քայլին հետեւանքով, տնտեսութեան մէջ գնաճը պիտի կազմէ հինգ տոկոս: