
ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ատրպեճանական բանակի ենթասպայ Անար Հաճիեւ, զոր հայկական կողմը յանձնած էր Ատրպէյճանին, կը մեղադրուի հայրենիքի դաւաճանութեամբ: Անոր նկատմամբ յարուցուած է քրէական գործ:
Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան մեկուսարանին մէջ զինուորին հետ հանդիպումէն ետք, Ատրպէյճանի կտտանքներու դէմ յանձնաժողովի նախագահ Էլչին Պեհպուտով «APA» գործակալութեան յայտնած է, թէ Հաճիեւ չէ բողոքած բանտի իր պայմաններէն եւ իրեն նկատմամբ վերաբերմունքէն:
Ըստ Պեհպուտովի, Անար Հաճիեւ ինքզինք մեղաւոր չի համարեր: Ան կը ցաւի տեղի ունեցածին համար: Անոր տրամադրած են փաստաբան մը եւ անհրաժեշտ դեղամիջոցներ:
Նշենք, որ Անար Հաճիեւ ատրպեճանական կողմին յանձնուած էր Մարտ 17ին։
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանցի ռազմագերիները յաճախ կը մերժեն վերադառնալ հայրենիք, քանի որ անոնք այնտեղ քրէական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին: