
ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 13ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի նախագահ, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի տարածքին ոչնչացուած եւ ոչնչացուող հայկական յուշարձաններու խնդիրի լուծման ուղիներէն մէկը դատական հայցն է:
«Կարելի է դիմել Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարան կամ միջազգային այլ ատեաններ: Սա պէտք է կատարուի պետական մակարդակով. սրանք այն ուղիներն են, որոնցով կարելի է կանխել դեռեւս պահպանուած յուշարձանների ոչնչացումը», նշեց Սամուէլ Կարապետեան, աւելցնելով, որ ամբողջ աշխարհին մէջ դատական բազմաթիւ հայցեր եղած են յուշարձաններու վերացման դէմ: Օրինակ, ըստ Կարապետեանի, միայն Թուրքիոյ դէմ, յունական կառավարութիւնը ներկայացուցած է 1600 հայց՝ պաշտպանելու համար Հիւսիսային Կիպրոսի տարածքին վրայ գտնուող յուշարձանները: Ս. Կարապետեանի համաձայն, անցեալ տարի հայցերէն մէկը բաւարարուած է, եւ Թուրքիան տուգանուած է մէկ միլիոն եուրոյով:
«Մի բան է պարզ. մինչեւ գրպաններից չհոսի՝ խելքներին չի հասնի: Պէտք է ատրպէյճանցիների գրպանին կպնել, անհրաժեշտ է նրանց պատասխանատուութեան կանչել, ի վերջոյ», ըսաւ յուշարձանագէտը եւ աւելցուց, որ իրենց ուսումնասիրած յուշարձանները միայն մէկ փոքր մասն են այն բոլորին, զորս հայերը ունեցած են: Թէեւ ստոյգ հաշուարկներ չկան, սակայն Սամուէլ Կարապետեանի խօսքով, Կուրի ձախակողմեան ափին՝ երեք հազար, իսկ Հիւսիսային Արցախի մէջ աւելի քան վեց հազար հայկական յուշարձան կայ:
Սամուէլ Կարապետեան նաեւ նշեց, որ Ապրիլի վերջաւորութեան պիտի կազմակերպուի «Ատրպէյճանը՝ քաղաքակրթութեան թշնամի» խորագիրով ցուցահանդէս, որուն մասնակցելու հրաւէր պիտի ուղարկուի Հայաստանի մօտ բոլոր դեսպաններուն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաններուն: Կարապետեանի համաձայն, ցուցահանդէսին նպատակն է՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել հայկական յուշարձաններու վիճակին վրայ, որմէ ետք, հաւանաբար, Ատրպէյճան դադրեցնէ հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի «Վարձք» հանդէսին երրորդ թիւին մէջ օգտագործուած լուսանկարները: «Վարձք»ի նախորդ՝ երկրորդ թիւը, ամբողջութեամբ նուիրուած էր Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին գտնուող հայկական յուշարձաններու վիճակին:
«Ատրպէյճանի տարածքում հայկական յուշարձանների վիճակն ուսումնասիրելիս շատ դժուար էր նոր, թարմ տուեալներ ձեռք բերելը, քանի որ, հայերի համար Ատրպէյճան տանող բոլոր ճանապարհները փակ են», ըսաւ յուշարձանագէտը, աւելցնելով, որ հանդէսին մէջ օգտագործուած լուսանկարներէն ոչ մէկուն հեղինակը հայ է:
Մեծ թիւով լուսանկարներ տրամադրած է պելճիքացի լուսանկարիչ մը, որ 2007ին այցելած էր Ատրպէյճանի Գանձակի շրջանի բազմաթիւ գիւղերը եւ լուսանկարած այդտեղ գտնուող հայկական բազմաթիւ յուշարձանները՝ եկեղեցիներ եւ գերեզմանոցներ: Կարապետեանի հաւաստիացումով, լուսանկարներ ձեռք բերուած են տարբեր միջոցներով. բռնագաղթածներ վճարած են ատրպէյճանցիներու, որպէսզի լուսանկարեն իրենց գիւղը եւ ուղարկեն իրենց. այդ լուսանկարներէն շատերը օգտագործուած են հանդէսին մէջ: