ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Շեշտելով պետական հսկայ պարտքը նուազեցնելու կարեւորութիւնը՝ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը խոստացաւ հաւասարակշռուած ձեւով մօտենալ հարցին՝ կրճատումներ կատարելով պետական գրեթէ բոլոր ծրագիրներէն, սկսելով առողջապահական մարզէն ու հասնելով մինչեւ ռազմական մարզ:
Նախագահ Օպամա կը յուսայ յառաջիկայ 12 տարիներուն 4 եռիլիոն տոլարով կրճատել պետութեան պարտքը՝ փոփոխութիւններ կատարելով տուրքերու օրէնքին մէջ, որպէսզի մեծահարուստները եւ հսկայ ընկերութիւնները տուրքերէ խուսափելու նուազ առիթներ ունենան:
Հանրապետականները անցեալ շաբաթ հրապարակած էին պետական պարտքը կրճատելու իրենց տարբերակը՝ շեշտը դնելով առողջապահութեան մարզէն հսկայ կրճատումներու վրայ, միաժամանակ խոստանալով նուազ տուրքեր գանձել մեծահարուստներէն:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Մարտ ամսուան ընթացքին ամերիկացիները շարունակած են աւելի բարձր համեմատութեամբ գնումներ կատարել (0.4ի աճ մը՝ Փետրուարի տուեալին հետ համեմատած), մինչ «Ճէյ.Փի. Մորկըն-Չէյս» դրամատունը յայտարարեց, թէ վերջին եռամսեակին 5.6 միլիառ տոլարի զուտ շահ մը ապահոված է:
Նաեւ, Փետրուար ամսուան ընթացքին, ընկերութիւններ 3.1 միլիոն աշխատատեղի համար ծանուցումներ կատարած են, ինչ որ Սեպտեմբեր 2008էն ի վեր ամենաբարձր թիւն է: Ներկայիս իւրաքանչիւր բաց աշխատատեղի համար կը մրցին անգործ մնացած 4.4 քաղաքացիներ, մինչ այդ համեմատութիւնը մէկի դիմաց 7 էր Յուլիս 2009ին: Առողջ տնտեսութեան մը մէջ այդ թիւը պէտք է մէկի դէմ երկու ըլլայ: