ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հիանալուն, զարմանալուն, ապշելուն ու սքանչանալուն տարբերութիւնները ծանօթ են իրենց դրական իմաստներով: Նոյնիսկ որոշ մարդոց իմացական զարգացումին հետ այս բառերուն իմաստները թեթեւ տարբերութիւն կ՛արձանագրեն: Այսպէս, թանգարանի ցուցասրահին մէջ, արուեստի բացառիկ նմոյշին դիմաց կանգնած, կամ ճարտարապետական իւրայատուկ կառոյց մը դիտած պահուն, համեստ զարգացումի տէր անձը կրնայ զարմանալ կամ ապշիլ, ի տես տուեալ ստեղծագործութեան, մինչ գեղարուեստական բարձր ճաշակի տէր մէկը կրնայ սքանչանալ կամ հիանալ:
Հիասթափութիւնը զարգացման տարբեր խաւերու մարդոց կրնայ պատահիլ, անսպասելիօրէն, երբ մանաւանդ անկանխատեսելի պայմաններու ներքեւ յանկարծ կը յայտնուի: Հիասթափութիւն կրնան պատճառել շատ յարգելի անձեր, հարազատներ, սիրելիներ եւ բարեկամներ: Հիասթափութիւն կրնան պատճառել նաեւ հիմնարկներ, գործարաններ, հաստատութիւններ եւ կառոյցներ, որոնց նկատմամբ երբեմն երկար ժամանակով յարգանք ու սէր կրնային ունեցած ըլլալ մարդիկ, կամ կրնային ապաւինած ըլլալ անոնց ներշնչած վստահութեան:
Այս առումով, կրօնքը ամէնէն աւելի խոցելին կը դառնայ, երբ դարերով իրեն ապաւինած մարդիկը հիասթափեցնէ իր գաղափարական հիմքի տկարութեամբ: Այդպէս ոչնչացած են հին աշխարհի կրօններէն շատեր, ու սրբուած այս աշխարհի երեսէն: Դարերով միեւնոյն կրօնքին հետեւած, անոր պարտադրած չաստուածները պաշտած, փայտեայ, մետաղեայ թէ քարեղէն կուռքերուն խնկարկած, ու անոնց դիմաց նոյնիսկ մարդկային զոհեր մատուցած հաւատացեալները, նոր ու աւելի տրամաբանական աստուածաճանաչողութիւն քարոզող կրօնքի գաղափարաբանութիւնը ընդունելով, հիասթափութիւն ապրած են: Բազմաթի՜ւ հեթանոսներու դարձը դէպի քրիստոնէութիւն, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ այդ հիասթափութեան արտայայտութիւններէն մէկը, որուն հետեւանքով հեթանոս մարդը ափսոսացած է այն ժամանակին համար, զոր վատնած է իր պապերու կրօնքին հետեւելով:
Բնութեան ոյժերուն մարդոց վրայ ունեցած վախի ազդեցութեան գաղտնիքին լուծումը ինքնին, պատճառ պիտի դառնար որոշ չաստուածներու նկատմամբ հաւատալիքներու վերացման: Քամիի երեւոյթին մասին տրուած հիմնաւոր բացատրութիւնը, քանդել պիտի տար ո՛չ միայն քամիի ու ծովու չաստուծոյ կուռքը, այլ մարդոց սիրտէն պիտի հեռացնէր նաեւ քամիի ու ծովու չաստուծոյ վախը:
Հին աշխարհէն մնացած կրօններուն մէջէն աւելի «երկարակեաց» եղած են անոնք, որոնք շեշտը դրած են բարոյական մարդուն վրայ: Եբրայեցիներու կրօնքին հիմերը, յատկապէս Եգիպտոսէն ելքի ու ազգային նկարագրի կազմաւորման շրջանին, կը գտնուին Աստուած եւ մարդ, ինչպէս նաեւ մարդ եւ մարդ փոխադարձ յարաբերութեան հողին մէջ: Իրենց նախահայրերէն ու ելքի առաջնորդ Մովսէսի վերագրուող Հնգամատեանին մէջ, մարդկային փոխյարաբերական կեանքի մանրամասն օրէնքներ արձանագրուած են, մինչեւ իսկ սովորական դրացնութեան համար տրուած մասնաւոր բացատրութիւններով:
Քրիստոնէական կրօնքը եւս, Յիսուսի աստուածային վարդապետութեան վրայ խարսխուած, Անոր կեանքին իսկ օրինակով, մարդկային փոխյարաբերական վիճակը դրութենական ձեւի մէջ կը դնէ: Աւետարանի Ոսկեայ Կանոնը՝ «Ինչ որ կ՛ուզէք մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց» (Հմմտ Մտ 7.12), այդ փոխյարաբերական կեանքին համար խաղաղագոյն միջավայրը կը ստեղծէ: Կացութիւն, որ բարգաւաճ, պտղաբեր ու արդիւնաշատ կեանքի պայմաններ կը շնորհէ մարդկութեան: Սակայն միշտ ալ հարց կը տրուի, թէ՝ կարելի՞ է նման երեւոյթ մարդկութեան կեանքին մէջ, երբ անկէ անպակաս են դաւադիրներ, խաբեբաներ, աւազակներ ու մարդասպաններ: Տակաւին, աշխարհի տարբեր կրօններուն ուսուցած գաղափարաբանութիւններն ու հաւատալիքները կարելի՞ է միթէ մէկ հասարակ յայտարարի տակ դնել: Տարբեր կրօններու հետեւորդները, որոնք դարերով արմատաւորուած մտածողութեամբ կը գործեն, ինչպէ՞ս կարելի է զանոնք բերել Ոսկեայ Կանոնին, ու դաստիարակել քրիստոնէական կրթութեամբ:
Այս երկրորդ բաժինը աւելի դիւրին թուացող մասն է, քան առաջինը: Որովհետեւ փորձարկուած է անիկա Յիսուսի առաքեալներուն ու անոնց հետեւորդներուն անդուլ ջանքերով: Անոնք 12 հոգիներով ու իրենց սակաւաթիւ գործակից աշակերտներով, ամբողջ աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւնը քարոզեցին, աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջուան ճամբորդական պայմաններով… Սակայն, գալով առաջին մասին, ո՞վ կրնայ երաշխիք տալ, թէ՝ դարձի եկածներուն մէջ պիտի չգտնուին դաւադիրներ, խաբեբաներ, աւազակներ, մարդասպաններ, ու բարոյական այլ սայթաքումներ ունեցող մարդիկ:
Եկեղեցին, իբրեւ կրօնական Աստուածահիմն կառոյց, շուտով խոցելի կը դառնայ նաեւ իր մարդոյժին կողմէ արձանագրուած թերութիւններով: Բնականօրէն այդ թերութիւնները ոչինչ կրնան նուազեցնել Եկեղեցւոյ երկնային առաջնորդութենէն եկող հմայքէն, սակայն կը յաջողին հիասթափեցնել հաւատքի տկար նախընթաց ունեցող հաւատացեալներ, որոնց խախուտ հաւատքին շէնքը ամպագորգոռ որոտումով փուլ կու գայ իրենց ներսիդին:
Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս պատահող արտասովոր երեւոյթները, բարոյական թէ նիւթական սայթաքումները, կեանքի բոլոր մակարդակներու վրայ, բազմաթիւ տարբեր կառոյցներու մէջ տեսնուած ծանօթ երեւոյթներ են: Սակայն, հաւատքով իր ինքնութիւնը գտած մարդուն համար ներելի երեւոյթներ չեն ըլլար, երբ իր հաւատքի շէնքէն ներս կը կատարուին անոնք:
Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս յայտնուած բարոյական սայթաքումները ամէնէն աւելի ցնցիչ, եւ լրատուութեանց առաջին սիւնակները գրաւող տեղեկութիւնները կը դարձնէ աշխարհ, տարբեր նկատառումներով: Տուեալ արարքին արդարացում չգտնելը չէ՛ այնքան էականը այստեղ, ինչքան այդ արարքով ուրիշները գայթակղեցնելու միտումը, որ ինքնին արդարացում չունի: Աշխարհի մէկ անկիւնին մէջ պատահած անախորժ դէպքին, մինչեւ աշխարհի միւս անկիւնը ծանուցուիլը, դաստիարակիչ ըլլալէ աւելի քանդումի ու աւերումի միջոց կը դառնայ: Յիսուսի մտածողութիւնը վա՜յ կը կարդայ անոնց, որոնք ուրիշներու գայթակղութեան պատճառ կը դառնան:
Եկեղեցւոյ հանդէպ այս բծախնդիր մօտեցումը ունի անշուշտ իր դրական պատճառները: Իր անձին համար ամէն ազատութիւն երեւակայող մարդը, իր եկեղեցւոյ ու անոր ներկայացուցիչին վրայ ո՛չ մէկ բիծ կÿուզէ տեսնել: Եկեղեցին այն սրբութիւնն է, որ Աստուծոյ կողմէ պարգեւուած է մարդուն, որուն ճամբով մարդը ի՛նք սրբանալու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ու Աստուծոյ որդեգիր դառնայ: Հետեւաբար, սրբութեան այդ աւազանը մաքուր պահելու միտում կայ անոր բոլոր հաւատացեալներուն մօտ: Հոգեւոր հիասթափութիւնը հաւատացեալը ի՛նք կրնայ փարատել, իր եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութեամբ, այլապէս հոգեւոր հիասթափութիւնը պատճառ պիտի դառնայ եկեղեցիէն հեռացման: Նոյնիսկ հիասթափուիս՝ կրնա՛ս փոփոխութիւն բերել: