
Հինգշաբթի, Ապրիլ 21ին, կ.ե. ժամը 3ին, բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ Քալվըր քաղաքին մէջ գտնուող «Սոնի Սթիւտիոզ» համալիրին դիմաց (10202 W. Washington Blvd.), ուր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա դրամահաւաքի ձեռնարկի մը պիտի մասնակցի:
Հայկական Ցեղասպանութեան համայնքային կազմակերպիչ յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի հայութեան, որ խուռներամ մասնակցութիւն բերէ այս ցոյցին, արտայայտելու համար հայութեան բողոքը Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու իր նախընտրական խոստումը չկատարած նախագահ Օպամային:
Ցուցարարները փոխադրելու նպատակով պիտի տրամադրուին հանրակառքեր, որոնք ճամբայ պիտի ելլեն կ.ե. ժամը 1:30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, Հոլիվուտի «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանէն ու Էնսինոյի «Ֆերահեան» վարժարանէն: