
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ընդառաջելով Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու մարմինի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչի հրաւէրին՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Ապրիլ 19ի առաւօտուն այցելեց յիշեալ մարմինին կեդրոնը, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Քենեթ Հան» համալիրին մէջ, ներկայ ըլլալու համար մարմինի շաբաթական նիստին։
Երեքշաբթի օրուան նիստի օրակարգին վրայ էր յայտարարութիւն մը, որ Ապրիլ 24ը կը հռչակէ 1915էն 1923 տարիներուն տեղի ունեցած Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակի օր։
Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանային Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանն ու անոր օգնականները, Վաչէ արք. Յովսէփեան ու Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ։
Հռչակագիրէն օրինակներ տրամադրուեցան հայ ներկայացուցիչներուն։ Խօսք առին Մայքըլ Անթոնովիչ, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, Վաչէ արքեպիսկոպոսը եւ առաջնորդ սրբազանը։
Իր խօսքին մէջ, առաջնորդը շնորհակալութիւն Անթոնովիչի եւ խորհուրդի անդամներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց արդար եւ ուղիղ կեցուածքը՝ ի նպաստ հայութեան դատին եւ իրաւունքներուն։ Ան կանգ առաւ այն հազուադէպ իրողութեան առջեւ, որ այս տարի, Ս. Յարութեան տօնը կը զուգադիպի Ապրիլ 24ին եւ կը խորհրդանշէ նաեւ Հայ ժողովուրդի վերականգնումը, «որուն պերճախօս վկայութիւնն է մեր այստեղ ներկայութիւնը», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը։