ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Աւետարանին վկայութեան համաձայն, երբ Կիրակի առաւօտ խումբ մը կիներ խաչուած ու թաղուած Քրիստոսին գերեզմանը գացին խունկ ծխելու, Աստուծոյ հրեշտակը երեւցաւ անոնց ու ըսաւ՝ «ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք. հոս չէ ան, յարութիւն առաւ…» (Ղկ. 24. 5-6):
Արդարեւ, Աստուծոյ Որդւոյն երկրաւոր առաքելութեան բարձրակէտը հանդիսացող յարութիւնը դարձաւ հիմքը քրիստոնէական հաւատքին, առանցքը եկեղեցւոյ կեանքին ու մեկնակէտը անոր առաքելութեան:
Մահուան վրայ տարուած յարութեան յաղթանակով է որ եկեղեցին մնաց տոկուն, պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց:
Քրիստոսի յարութիւնը դարձաւ մշտահոս աղբիւր եկեղեցւոյ կենսունակութեան, մտածողութեան, աւետարանչութեան ու վկայութեան:
Քրիստոսի յարութեան հաւատքով հզօրացած եկեղեցին իր հայրերուն, սուրբերուն ու նահատակներուն ճամբով դարձաւ անվեհեր շեփորահարը Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն:
24 Ապրիլին հայ եկեղեցին կը տօնախմբէ Քրիստոսի յարութեան տօնը, այլ խօսքով՝
ճշմարտութեա՛ն յաղթանակը՝ սուտին ու կեղծիքին դէմ.
արդարութեա՛ն յաղթանակը՝ անիրաւութեան ու բռնութեան դէմ.
կեանքի՛ն յաղթանակը՝ մահուան դէմ:
Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը այս տարի աշխարհի բոլոր եկեղեցիները նոյն օրը կը տօնեն Սուրբ Զատիկը: Իսկ խորհրդալից զուգադիպութեամբ մը Քրիստոսի Յարութեան տօնին, Ապրիլ 24ին, հայ եկեղեցին նաե՛ւ կ՛ոգեկոչէ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Այս երկու կարեւոր յիշատակումներու հանդիպումը նո՛յն օրուան մէջ, հայ ժողովուրդին համար սոսկ թուականներու պատահական զուգադիպում մը պէտք չէ դառնայ. հոգեւոր ու ազգային իմաստով, ան խորունկ խորհուրդ մը ու զօրեղ պատգամ մը ունի:
Արդարեւ, այնպէս ինչպէս կարելի չէ հասկնալ Յարութիւնը Քրիստոսին առանց Գողգոթայի՝ որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի տառապանքին ու խաչելութեան, այնպէս ալ կարելի չէ ըմբռնել յարութիւնը հայ ժողովուրդին առա՛նց Տէր Զօրի՝ որպէս խորհրդանիշը հայ ժողովուրդի տառապանքին ու ցեղասպանութեան: Աստուծոյ Որդին գերեզման իջաւ, սակայն մերժեց գերեզմանուիլ ու Գողգոթայի ճամբով կերտեց իր յարութիւնը: Նոյնպէս հայ ժողովուրդը Քրիստոսի Յարութեամբ զօրացած, մերժե՛ց մահը, «մահուամբ մահը յաղթեց» եւ իր Գողգոթային՝ Տէր Զօրի ճամբով քալեց դէպի յարութիւն:
Արդ, Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնի առաւօտուն, իր գերեզմանը դառնալու կոչուած Տէր Զօրի անապատէն մեր նահատակները կը յայտարարեն ՝
Հայ ժողովուրդը հոս չէ՛, այլ յարութի՜ւն է առած…:
Այսպէ՛ս կ՛ըսէ հայ ժողովուրդը՝ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ իր կեանքի վերջակէտը դնելու վճռած ցեղասպան թուրքին:
Այսպէ՛ս կ՛ըսէ հայ ժողովուրդը՝ իր դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը տակաւին ուրացող ազգերուն ու պետութիւններուն:
Աստուածային ի՜նչ հրաշք… պետական մաշտապով ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը վերջ չկրցաւ դնել հայ ժողովուրդի կեանքին, չկրցաւ աշխարհի քարտէսէն ջնջել «հայ» եւ «Հայաստան» անունները:
Ու այսօր, հայն ու Հայաստանը ո՛չ միայն ներկայ են, այլ՝ ստեղծագործող, պայքարող ու պահանջող ներկայութիւն են ազգերու ու պետութիւններու ընտանիքէն ներս:
Այսօր, հայ կեանքի երկնակամարին վրայ, բանաստեղծին բառերով՝
«Յարութեան շո՜ւնչն է ահա, ջարդակոտոր Ա՛զգդ իմ,
Հորիզոնէն ծայր տուած, որ կը փչէ մարմնոյդ վրայ…»:
Այո՛, «Յարութեան շունչն է ահա…», երբ Մայիս 28ով կերտուած Հայաստանի անկախութիւնը դարձեալ դարձած է իրականութիւն:
«Յարութեան շունչն է ահա…», երբ ստրկութեան ճիրաններուն մէջ տառապող Ղարաբաղը դարձեալ կը պատկանի իր սեփականատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին:
«Յարութեան շունչն է ահա…», երբ Տէր Զօրէն անցած հայ ժողովուրդի զաւակները, հակառակ իրենց դիմագրաւած ահաւոր դժուարութիւններուն, կրցած են իրենց հաւատքը տոկուն, ինքնութիւնը բիւրեղ ու միասնականութիւնը ամուր պահել աշխարհի տարածքին:
«Յարութեան շունչն է ահա…», երբ մեր նախահայրերու թոռները իրենց կեանքին սրբազան նշանաբանը դարձուցած են հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն հետապնդումը:
Մեր նահատակները չեն մեռած, որովհետեւ չէ մեռած մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ անոնց յիշատակն ու կտակը, իրաւունքն ու պահանջատիրութիւնը:
Իրենց հաւատքով ու տեսիլքով մեր նահատակները կ՛ապրին հայ դպրոցի գրասեղանին առջեւ նստած հայակերտումի կազմաւորման ընթացքի մէջ գտնուող հայ աշակերտին կեանքին մէջ:
Իրենց հաւատքով ու քաջութեամբ մեր նահատակները կ՛ապրին Հայաստանի ու Ղարաբաղի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորի կեանքին մէջ:
Իրենց հաւատքով ու յոյսով մեր նահատակները կ՛ապրին հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան նուիրուած հոգեւորականի կեանքին մէջ:
Իրենց հաւատքով ու կամքով մեր նահատակները կ՛ապրին մեր իրաւունքները պաշտպանող հայ երիտասարդին կեանքին մէջ:
Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ կը մոռնայ իր նահատակները, որովհետեւ չկայ յաղթանակ առանց նահատակներու խորունկ հաւատքէն ու անմեռ ոգիէն ճառագայթող ոգեղէն ուժին:
Ահա չորս տարիներ մեզ կ՛անջատեն հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան 100ամեակէն: Մենք պիտի չմոռնանք երբեք մեր Գողգոթան՝ Տէր Զօրը: Հոն պիտի այցելէ իւրաքանչիւր հայ իր պապերուն տառապանքին հաղորդակից դառնալու, որպէսզի նաեւ ապրի իր ժողովուրդին յարութիւնը: Հոն պիտի այցելէ իւրաքանչիւր հայ, որպէսզի աշխարհին դիմաց վկայէ իր խաչուած ու նահատակուած ժողովուրդին յարութիւնը: Հոն պիտի այցելէ իւրաքանչիւր հայ, որպէսզի իր նահատակներու կտակին ունկնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքը պահանջէ ցեղասպանէն:
Տէր Զօրը նահատակաց սրբավայր է. ան միաժամանակ մեր հաւաքական յիշողութեան աղբիւրն է: Տէր Զօրը թանգարան չէ, այլ արդարութեան յուշարար է: Տէր Զօրը անցեալ չէ, այլ՝ միշտ ներկայ: Տէր Զօրը մահ չէ, այլ՝ կեանք: Տէր Զօրը Գողգոթա չէ սոսկ, այլ նաեւ՝ յարութիւն:
Հետեւաբար, Տէր Զօրը, իր խորհուրդով ու պատգամով պէտք է կենդանի ներկայութիւն դառնայ մեր տուներէն ու դպրոցներէն, մեր եկեղեցիներէն ու ակումբներէն ներս, մեր կեանքէն ներս՝ Հայաստանէն մինչեւ Ղարաբաղ եւ աշխարհի բոլոր կողմերը: Տէր Զօրը որպէս պահանջատիրութիւն պէտք է տանինք միջազգային բեմերուն՝ վերանորոգ կամքով Ցեղասպանութեան ճանաչում, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերահաստատում եւ ամբողջական հատուցում պահանջելով:
Արդ, եկէ՛ք ժողովուրդ հայոց, ազգովին քալենք դէպի 100ամեակ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան՝ նահատակներու ոգիով, յարութեան շունչով, պահանջատիրական կամքով եւ «վարդահեղեղ արշալոյս»ի վառ տեսիլքով…:
(Ս. Զատկուան իր պատգամի վերջին բաժնով Արամ Ա. Կթողիկոս շնորհաւորական ու ողջոյնի խօսքեր յղած է Հայաստանի նախագահին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգայիբն իշխանութիւններուն, կազմակերպութեանց ու միութեանց անդամներուն, եւ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդին):