
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Չի բացառուիր, որ յառաջիկային, ՀՅԴն Ազգային ժողովին մէջ արծարծէ վարչապետի վստահութեան եւ կառավարութեան հրաժարականի հարցը: Երէկ, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորական խումբի անդամ Արծուիկ Մինասեան, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին անդրադառնալով այս հարցին՝ յայտնած է, թէ կուսակցութեան ներկայացուցիչները տարբեր առիթներով իրենց բացասական վերաբերմունքը յայտնած են կառավարութեան քաղաքականութեան նկատմամբ եւ մատնանշած՝ ձախողումները:
ՀՅԴն Երեքշաբթի օր գրաւոր հարցադրում ներկայացուցած էր կառավարութեան:
Դաշնակցական պատգամաւորական խումբը կը փորձէ պարզել, թէ կառավարութիւնը ինչո՞վ կը բացատրէ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ «սկսեալ հասարակական-տնտեսական ձախողումներէն, հասնելով մինչեւ արտագաղթի կասեցման ուղղութեամբ յստակ քայլեր չիրականացնելը»:
Արծուիկ Մինասեան ընդգծած է, որ ՀՅԴ կը փորձէ պարզել, թէ բացի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին յարուցած դժուարութիւններէն, կառավարութիւնը ստեղծուած իրավիճակին մէջ իր մեղքի բաժինը կը տեսնէ՞, թէ ոչ:
ՀՅԴ պատգամաւորը նաեւ նշեց, թէ իրենք պիտի պահանջեն, որ այս գրաւոր հարցապնդումը քննարկուի Ազգային ժողովի լիագումար նիստին. «Ի՞նչը կարող է հիմք հանդիսանալ… Հիմա ես հարիւր տոկոսով չեմ կարող ասել, որովհետեւ դա կապուած է այն տրամադրութիւնից, որ կը ձեւաւորուի նաեւ կառավարութեան պատասխանների հիման վրայ: Գուցէ կառավարութիւնը կամաւոր ասում է, որ՝ «ես գիտակցում եմ եւ գնում եմ հրաժարականի»: Բայց հարցը այն փուլում է, որ մենք մեր խօսքի տէրն ենք եւ գործողութիւնները նախաձեռնել ենք: Սպասենք գրաւոր պատասխանին, այնուհետեւ լիագումար նիստում կը քննարկուի այդ հարցը եւ ամենայն հաւանականութեամբ, ես չեմ կարող ասել, քանի որ մեր կառավարութիւնը էդքա՛ն վճռականութիւն չունի սեփական սխալները խոստովանելու եւ ինքնակամ հեռանալու մասին մտածի, հաւանաբար մենք կը դիմենք Սահմանադրութեամբ նախատեսուած գործողութիւնների», յայտնած է Արծուիկ Մինասեան: