
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Ապրիլ 9ին, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, «Շամլեան» Ազգային վարժարանի Գ.էն Ը. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան վարժարանէն մինչեւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին երկարող մօտաւորապէս 11 մղոննոց քայլարշաւի մը: Ա. եւ Բ. դասարանէն աշակերտներ աւելի կարճ քայլարշաւով մը հասան եկեղեցի:
Աշակերտները կարմիր եւ ճերմակ ծաղիկներով դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ մուտքին, ապա ծաղիկները զետեղեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին վրայ:
Հոն հաւաքուած աշակերտներուն դիմաց ելոյթներ ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Համբարեան ու վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան:
Քայլարշաւին նպաստեցին ՀՕՄի «Սիփան» ու «Թալին» մասնաճիւղերու, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի, ՀԵԴ «Զարթօնք» ուխտի, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի ու Տարեցներու միութեան անդամները՝ աշակերտներուն տրամադրելով զովացուցիչներ, իսկ աւարտին՝ ճաշ: