ԱՇԽԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Համազգայինի երդիքին տակ, համազգայնականի շունչով ու առաքելութեամբ, եկէ՛ք վայելենք, քաջալերենք, ըմբոշխնենք Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի նորաստեղծ «Սայաթ Նովա» երգչախումբի անդրանիկ ելոյթը՝ ղեկավարութեամբ տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Նորա Ռումեան-Պայրամեանի։
Ան, մօտաւորապէս տարի մը առաջ, իր շուրջ հաւաքած էր երգարուեստը գնահատող ու նուիրեալ 40 երգիչ-երգչուհիներ, որոնք մինչեւ օրս մեղուի ժրաջան աշխատանքով կը մարզուին՝ յաջող իրականութիւն մը դարձնելու համար Մայիս 1, 2011ի ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ CSUN, «Plaza del Sol» թատերասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6ին։
Յայտագիրը պատրաստուած է իւրայատուկ ոճով. ան այլազան է իր երգացանկով՝ ազգային, հայրենասիրական, ժողովրդական, դասական, «փափ» եւ այլն։
Համազգայինը, ըլլալով հայ կրթական, մշակութային ու գեղարուեստական կազմակերպութիւն մը՝ միշտ մնացած է ու պիտի մնայ հաւատարիմ իր հիմնադիրներու մտայղացքին ու նպատակին. ուստի, ան իր ծրագիրը համեմած է արուեստի զանազան ճիւղաւորումներով՝ ասմունք, նուագ ու պար։
«Սայաթ Նովա» երգչախումբը, նախքան իր աննախընթաց ելոյթը, հանդէս եկած է երկու հակիրճ ելոյթներով. առաջինը՝ Համազգայինի «Իրիկնային Մեղեդիներ» հանդիսութեան ընթացքին, Հոլիվուտի «Պարնզտէլ Փարք»ի դահլիճին մէջ, Յունիս 13, 2010ին, իսկ երկրորդը՝ «Արեւմտեան Հայաստանի Պաշտպանութեան Խորհուրդ»ի ձեռնարկին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ, Նոյեմբեր 21, 2010ին։ Սոյն երկու ելոյթները արժանացան հայ արուեստասէր հանդիսատէսի գնահատանքին ու քաջալերանքին, որոնք խումբին ներարկեցին յաւելեալ խանդ ու կորով, որ կարենայ իր երազը իրականացնել ինքնավստահ քայլերով։
Երգչախումբը կը փորձէ ձգտիլ իր լաւագոյնին, կատարելագործել ու հասնիլ կարելի բարձունքին։ Ան իր հայեացքը սեւեռած է իր ղեկավարի՝ «Դէպի կատարեալը» ձգտելու տեսլականին: