
ԱԹԷՆՔ.- ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէնի որոշումով եւ միջազգային մրցանակաբաշխութեան յանձնաժողովի եզրակացութեան հիման վրայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Յունաստան 2011 Մելինա Մերքըրի հեղինակաւոր մրցանակը պիտի կիսեն Հայաստանի Գառնի պատմամշակութային արգելոց-թանգարանն ու Պաղեստինի տարածքի մէջ գտնուող Պաթիր վայրը: Մրցանակի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Մայիսին ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնին մէջ՝ Փարիզ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Յունաստան Մելինա Մերքըրի միջազգային մրցանակը կը շնորհուի երկու տարին անգամ մը, այն անհատին կամ կազմակերպութիւններուն, որոնք նշանաւոր աւանդ ունին մշակութային դաշտի պահպանման եւ կառավարման բնագաւառէն ներս: