
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Շուշան Յունանեանի տեղեկութիւններով, Ապրիլ 28ին վիրահատուած է ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանուհի Նազիկ Աւդալեանը, որուն վիճակը կայուն է։
Յիշեցնենք, որ ախոյեանուհին Ապրիլ 26ին Գիւմրի-Վանաձոր ճանապարհին պատահած արկածի մը հետեւանքով ստացած էր ողնաշարի վնասուածք ու տեղափոխուած էր Երեւան, անհրաժեշտ բուժումները ստանալու համար։