ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
2011 տարեշրջանին, Ապրիլ 24ը ու Ս. Յարութեան տօնը իրարու զուգադիպելով՝ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Ս. Զատիկը կանխող՝ Շաբաթ եւ Երկուշաբթի (Մեռելոց) օրերուն ընթացքին:
ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԵՒ ԵՌԱԳՈՅՆ
ԴՐՕՇԱԿԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի ՀԵԴ «Գէորգ Չաւուշ» ուխտին, Շաբաթ, Ապրիլ 23ին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը՝ մասնակցութեամբ ուխտի ընկեր-ընկերուհիներու, ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներու, շրջանիս ՀՅԴի ընկերներու, Ֆրեզնոյի համալսարանի հայկական բաժինի հայ ուսանողներու եւ համակիրներու: Քայլարշաւը սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:30ին, Շահ եւ Պլաքըսթոն խաչմերուկէն, մինչեւ քաղաքապետարան: Շուրջ 6 մղոն երկարութեամբ քայլարշաւի վերջին հանգրուանին միացան գայլիկներն ու մրջնիկները, իրենց պաստառներով: Բոլոր մասնակցողները կը կրէին յատուկ գրութիւններով պաստառներ, որոնք կը գրաւէին անցորդներուն ուշադրութիւնը: Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի շէնքին դիմաց հաւաքուած բազմութիւնը անհամբերութեամբ կը սպասէր:
Դրօշակի բարձրացման հանդիսութեան ներկայ էին Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճեֆ Տենըմ, քաղաքապետարանի անձնակազմէն Անտրէաս Պորկըս, նահանգային ներկայացուցիչ Լինտա Հերտըրմըն եւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետուհի Էշլի Սուարենտընի ներկայացուցիչ՝ Մարք Ըսքաթ, որոնք այս առիթով իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին:
Քաղաքական այս ներկայացուցիչներուն կողքին ներկայ էին նաեւ շրջանիս եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ Վահան քհնյ. Կոստանեան՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, Եղիա քհնյ. Հայրապետեան՝ Ֆաոլըրի եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ շրջանիս «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն, ընկերներ եւ համակիրներ:
Օրուան հանդիսավարը՝ Վահագն Պզնունի, հրաւիրեց Վահան քհնյ. Կոստանեանը, որ օրհնէ դրօշակները, ապա քոյր Գայիանէն սկսաւ երգելու ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները. ընթացքին ՀՄԸՄի սկաուտներն ու քաղաքապետարանին զինուորները բարձրացուցին դրօշակները, որոնք կամաց-կամաց բարձրանալով՝ սկսան ծածանելու կապոյտ երկնակամարին ներքեւ, հպարտութեան զգացումով մը համակելով սրտերն ու հոգիները, մանաւանդ, երբ այդ դրօշներուն հովանիին տակ, արտասանութիւններով իրենց մասնակցութիւնը բերին մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչները: Սանիկեան Գոհար, ապրումով արտասանեց Սիամանթոյի «Ափ մը Մոխիր» քերթուածը, իսկ Վասիլեան քոյրերէն՝ Սեւանան՝ Ա. Ահարոնեանի «Նահատակներուն» ու Վանան՝ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» քերթուածները: Բոլոր արտասանողները ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն արժանացան:
Հանդիսութեան վերջաւորութեան, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց «Թեհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Հայկօ Օհաննէսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք յայտագիրի մասնակցողներուն եւ ներկաներուն, անդրադարձաւ նաեւ Ապրիլ 24ի պատմական անցքերուն:
Ներկայ բազմութիւնը, գոհունակութեան ժպիտը շուրթերուն եւ աչքերը սեւեռած ծածանող դրօշակներուն՝ կամաց-կամաց հեռացաւ քաղաքապետարանի շէնքին առջեւէն:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ «ԱՐԱՐԱՏ»
ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ
Նոյն օրը, կէսօրին, «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ գլխաւորութեամբ Հրանդ քհնյ. Սրապեանի:
Խունկի քուլաներուն հետ բարձրանալով սոճիի ծառերէն վեր՝ ներկաներուն աղօթքները Աստուծմէ խնդրեցին հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն իրագործումը:
«Վէրքերով Լի» երգով, վերջ գտաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
ԱՊՐԻԼ 24Ի ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝
ԵՐԻՑԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ
ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ շրջանիս չորս եկեղեցիներուն՝ Ս. Երրորդութիւն, Ս. Պօղոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Հայ Երիցական Առաջին եկեղեցիին, Երկուշաբթի, Ապրիլ 25ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Հայ Երիցական Առաջին եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ 1915ի Մեծ Եղեռնի 96րդ ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը՝ ներկայութեամբ հոգեշնորհ տէր Տաճատ Եարտըմեան վարդապետին, եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն, դպրաց դասերուն, «ՉարլիԳէյեան» դպրոցի աշակերտներուն եւ մեծ թիւով ներկաներու, որոնք եկած էին իրենց յարգանքը տալու նահատակներուն: Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աղօթքով, խօսքերով եւ երգերով հոգեւորականներն ու միացեալ դպրաց դասը: Ամերիկեան քայլերգը երգեց Ռոզա Փաշայեան, Հայաստանինը՝ «Չարլի Գէյեան» վարժարանի աշակերտներ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Պեն Գրիգորեանի: Ծովիկ Եարալեան-Գուդումեան իր մասնակցութիւնը բերաւ հայերէն եւ անգլերէն երգերով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Նայիրա Շահսուվարեանի:
Օրուան պատգամախօսներն էին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեան՝ հայերէնով, իսկ անգլերէնով իր խօսքը փոխանցեց Սերժ Թովմասեան:
Միացեալ դպրաց դասը գեղեցիկ կերպով մեկնաբանեց «Տէր Ողորմեա»ն, ապա վերապատուելի Մկրտիչ Մելքոնեան, իր փակման խօսքին մէջ, ներկաներուն սրտերը փոթորկեց յաջորդաբար բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի եւ Աւետիս Ահարոնեանի խօսքերով՝ «Զարմանքով եմ ես միշտ նայում քո անցեալին. Քո անցեալին՝ ե՛ւ տանջալից, ե՛ւ պանծալի», «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Սիրելի ընթերցող, 2011ի Աւագ շաբթուան ընթացքին մեր ժողովուրդը հետեւեցաւ Յիսուսի չարչարանքներու հանգրուաններուն՝ Վերջին Ընթրիք, Խաչելութիւն եւ Թաղում, իսկ Կիրակի օր՝ Յարութեան: Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը, որ քալեց արաբական աւազոտ անապատներէն եւ իր հոգիին ու մարմինին վրայ զգաց Գողգոթայի տաժանքները, մօտ ատենէն ականատես պիտի ըլլայ իր յարութեան, ուր պիտի հնչեն արդարութեան ղօղանջները եւ բարձրաձայն, բովանդակ աշխարհին պիտի յայտարարեն, թէ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը, 1915 թուականին, Օսմանեան պետութեան կողմէ գործադրուած է: Վստահ ենք նաեւ, որ այն ատեն, քաղաքակիրթ ազգերը պիտի շնորհաւորեն հայ ժողովուրդի զաւակները, որոնք տարիներ շարունակ պայքարեցան, ի խնդիր Արդարութեան ձայնին: