ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Իսկապէս երաժշտական վայելքի բացառիկ երեկոյ մըն էր, Աւագ Շաբթուան նախօրեակին կայացած գեղարուեստական ձեռնարկը՝ հոգեւոր ու աշխարհիկ, հայերէն ու անգլերէն գործերու ճոխ յայտագիրով մը՝ ղեկավարութեամբ Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, երաժշտագէտ, խմբավար եւ յօրինող, վեր. Ներսէս Պալապանեանի: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 16ին, նշեալ եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, ներկայութեամբ աւելի քան 200 երաժշտասէրներու, որոնք եկած էին գոհացնելու իրենց երաժշտական ծարաւը ու քաջալեր հանդիսանալու եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբին, որ եկեղեցւոյ պաշտամունքին կը մասնակցի գրեթէ ամէն Կիրակի: Երգչախումբն ու նուագախումբը կը բաղկանան շուրջ 30 երկսեռ նուիրեալներէ, որոնք կը բնակին Սան Ֆրանսիսքոյի ու Ծովածոցի զանազան շրջաններուն մէջ, եւ սիրայօժար կերպով կը կատարեն իրենց ծառայութիւնը:
Երեկոյթին հանդիսավարուհին էր Սթեֆընի Ատրունի, որ ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը՝ մէկընդմէջ տալով հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերու մեկնաբանութիւնները ու տեղեկութիւններ՝ հեղինակներուն մասին:
Յայտագիրը կը պարունակէր եկեղեցական եւ ազգային երգեր, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտութենէն բխած նոր մշակումներ՝ խմբավար վեր. Ն. Պալապանեանի կողմէ մշակուած: Դաշնակի վրայ երգչախումբին ընկերակցեցաւ դաշնակահար Արա Քիւլլիւքեան: Երաժիշտ Արա Անտըրսըն իր «թրամբե»չով ճոխացուց կատարողութիւնը՝ աւելցնելով երաժշտական յատուկ ճոխութիւն մը, նոր գոյն մը տալով երգահանդէսին:
Յայտագիրի առաջին մասը սկսաւ երգչախումբի քառաձայն չորս անգլերէն հոգեւոր կտորներով՝ «This is the day», «Majesty», «Restore the joy» եւ «Didn՛t my lord deliver Daniel»: Ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան Կոմիտաս վարդապետի ժողովրդական «Կենաց երգ»ը, Ն. Լուսինեանի «Կիլիկիա»ն ու Բ. Կանաչեանի «Օրօր»ը՝ մենակատարութեամբ հայրենի երգչուհի, այժմ Սան Ֆրանսիսքոյի հարս՝ Mezzo Soprano Սեդա Գիզիրեանի: Ս. Գիզիրեան իր երաժշտական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ, եւ որպէս մենակատար՝ դերեր ստանձնած է «Անուշ» եւ «Արշակ Բ.» օփերաներուն մէջ, նաեւ մենահամերգներով ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի ու արտասահմանի զանազան ոստաններու մէջ: Այժմ ան որպէս մենակատար, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ դպրաց դասին:
Յայտագիրին երկրորդ բաժինը սկսաւ Գ. Նարեկացիի միջնադարեան «Հաւուն, Հաւուն»ով, զոր իւրայատուկ ապրումով մեկնաբանեց Ս. Գիզիրեան: «Հաւուն, Հաւուն»ի մասին վեր. Պալապանեան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ, յատկապէս օտար ունկնդիրները հմայելով այդ կտորի իւրայատուկ ոճով, իբր 10րդ դարու հայկական տաղ: Երգչուհին իր բաժինը վերջացուց երգելով Ս. Կապուտիկեանի «Իմ Երեւան»ը՝ Կոտոյեանի երաժշտութեամբ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սեւան Պալապանեանի:
Արա Անտըրսընի եւ վեր. Ներսէս Պալապանեանի զուգանուագը կը պարունակէր ճազային նոր մշակումներ: Նախ անոնք նուագեցին Կոմիտասէն նուագաշարք մը, ապա, Արամ Խաչատրեանի «Գայանէ պալէ»էն կտորներու շարք մը:
Համերգը շարունակուեցաւ Գողգոթա եկեղեցւոյ արական եօթեակին ներկայացուցած երեք երգերով: Այս խմբակը, ղեկավարութեամբ Յակոբ Նազարեանի, տարիներէ ի վեր ծանօթ է գաղութիս, տարբեր առիթներու իրենց ելոյթներով:
Համերգի աւարտին, եկեղեցին թնդաց Ճան Նիւթընի «Amazing Grace» երգով, մենակատարութեամբ Սեդա Գիզիրեանի:
Երգչախումբը, ղեկավարն ու նուագով ընկերակցողները արժանացան ժողովուրդին բուռն ու յոտնկայս ծափահարութիւններուն: Ձեռնակի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին հանդիսականները առիթը ունեցան շնորհաւորելու ու գնահատելու բոլոր արուեստագէտները: