
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Նեշընըլ լօ Ճըրնըլ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Ապրիլ 28ին, դաշնակցային դատաւոր Քրիսթինա Շնայտըր պահանջած է իրաւաբաններ Մարք Կիրակոսէն ու Պրայըն Քապաթեքէն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցման հարցով ֆրանսական «Աքսա» ընկերութեան դատին առնչուող փաստաթուղթերը յանձնեն շրջանային ատեանին:
Այս որոշումը տրուած է՝ հետեւելով նշեալ իրաւաբաններու նախկին խորհրդական՝ իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի, կողմէ դիմուած բողոքի մը, ուր հարց կը տրուի, թէ Կիրակոս ու Քապաթեք ճշգրտօրէն հետեւա՞ծ են 17.5 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցումը բաշխելու պայմաններուն:
Իրենց կարգին, Կիրակոս ու Քապաթեք Մարտ 11ին, Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանին մօտ դատ բացած էին Եղիայեանի դէմ, պնդելով, որ ան հատուցումներուն մէկ մասը շինծու բարեսիրական հաստատութեանց յանձնած էր:
«Աքսա» ընկերութեան դէմ վճիռին մէջ նշուած էր, թէ 3 միլիոն տոլար պէտք է տրամադրուի հայկական կազմակերպութեանց: Մինչեւ 2010ի սկիզբը, ընդհանուր գումարէն աւելի քան 8.5 միլիոն տոլար բաժնուած էր եւ մօտաւորապէս 2.9 միլիոն տոլար կը մնար: Դատաւոր Շնայտըր Կիրակոսի ու Քապաթեքի յանձնած էր 1.9 միլիոն տոլար, իսկ Եղիայեանի՝ 952,000 տոլար՝ հայկական մարդասիրական կազմակերպութեան բաժնելու պարտականութիւնը:
Ըստ թերթին, Կիրակոս ու Քապաթեք որոշած են բոլոր փաստաթուղթերը յանձնել ատեանին: Ըստ Քապաթեքի, Կիրակոս չէ մասնակցած գումարները մարդասիրական կազմակերպութեան բաժնելու աշխատանքին:
Եղիայեանի դէմ բացուած դատէն շաբաթ մը ետք, Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդը կոչ ըրած էր իրաւաբաններուն, որ հարցին փաստաթուղթերը անկախ հետաքննութեան մը յանձնեն:
«Անկախ անկէ, թէ այս մեղադրանքները որքանո՛վ հիմնաւորուած են, փաստը այն է, որ անոնք կրնան մեծապէս խախտել մեր ժողովուրդին վստահութիւնը համազգային խնդիրներու նկատմամբ, թէեւ այս պարագային, առաւելաբար անհատական շահեր հետապնդող գործը նախաձեռնած եւ ղեկավարած են անհատ փաստաբաններ:
«Անխախտ պահելու համար հայ հասարակութեան վստահութիւնը, մենք հրապարակաւ կը դիմենք մեղադրող եւ մեղադրուող կողմերուն՝ պահանջելով, որ անոնք ինքնակամ կերպով եւ անյապաղ անկախ ու մասնագիտական հաշուեքննութեան ենթարկեն դատավճիռներուն հիման վրայ կատարուած բաշխումները, եւ արդիւնքները հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնեն: Հոլովոյթը այդպիսի թափանցիկութեամբ պէտք է կատարուէր սկիզբէն իսկ, սակայն այժմ, անիկա դարձած է անյետաձգելի եւ յոյժ կարեւոր», նշուած է յայտարարութեան մէջ: