
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մշտական ներկայացուցիչ Տաֆինա Կերչեւա յայտարարած է, թէ Հայաստանի տնտեսութիւնը Սփիւռքի օգնութեան կարիքը ունի, որպէսզի դուրս գայ ցաւոտ իրավիճակէն, կը հաղորդէ «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս»ը:
Պարբերականին տուած հարցազրոյցին, Կերչեւա յայտարարած է, թէ արտերկիր բնակող ութ միլիոն հայերու աջակցութիւնը վճռորոշ նշանակութիւն ունի Հայաստանի մէջ տնտեսական զարգացման եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն համար:
«Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն մեծ մասը շատ ազդեցիկ մարդիկ են, որոնք անտարբեր չեն հայրենիքի նկատմամբ», ըսած է Կերչեւան՝ նկատել տալով, որ Սփիւռքի փորձը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար:
Կերչեւան խօսած է նաեւ երկրի տնտեսական իրավիճակին մասին եւ նշած, թէ տնտեսութիւնը սկսած է վերականգնելու՝ արձանագրելով 2.5 տոկոսի աճ:
Նշենք, թէ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մշտական ներկայացուցիչը Մայիս 5ին ելոյթ կ՛ունենայ Հայ-ամերիկեան առեւտրային պալատին կողմէն կազմակերպուած ձեռնարկին: