
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՀՅԴ պատգամաւորներ Հրայր Կարապետեան ու Լիլիթ Գալստեան, ինչպէս նաեւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան պատգամաւորներ Ստեփան Սաֆարեան, Անահիտ Բախշեան ու Զարուհի Փոսթանճեան երէկ Ազգային Ժողովի շէնքին մէջ հանդիպած են ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԽՎ) նախագահ Փիթըր Էֆտիմիուի, Թինա Շէօնի (տեղակալ), Անտրէաս Պէյքըրի (նախագահի խորհրդական) հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԼՂ խնդիրի կարգաւորման, բանակցային գործընթացի, ղարաբաղ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակի, Հայաստանի անվտանգութեան, յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ ընտրական ընթացակարգերու վերանայման, դատական իշխանութեան, ուժային կառոյցներու բարեփոխման եւ այլ հարցեր:
Հրայր Կարապետեան եւ Ստեփան Սաֆարեան ԽՎի պատուիրակութեան անդամներուն յայտնած են, որ իրենք կարեւոր կը համարեն Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը: Կարապետեան մտահոգիչ համարած է այն, որ սահմանի վրայ յաճախակի դարձած յարձակումներու առնչութեամբ միջազգային հանրութեան գնահատականները հասցէական չեն եւ ուղղուած չեն հրադադարը խախտող ու յարձակումներ հրահրող կողմին՝ Ատրպէյճանին, եւ կը փորձեն պատասխանատուութեան բեռը հաւասարապէս բաշխել հայկական ու ատրպեճանական կողմերուն միջեւ:
ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահողը կարեւոր համարած է խորհրդարանական ընդդիմութեան հետ հանդիպումը: Ան նշած է, որ, իբրեւ Եւրասիական հսկայական տարածաշրջանի անվտանգութեան հարցերով մասնագիտացած կառոյց՝ ԵԱՀԿը պիտի շարունակէ գործուն աջակցութիւն ցուցաբերել անդամ երկիրներու ժողովրդավարացման, մարդու իրաւունքներու եւ լրատուամիջոցներու ազատութեան ապահովման, դատական ու արդարադատութեան համակագերու բարեփոխման, լաւ կառավարման, փտածութեան դէմ պայքարի, ընտրութիւններու դիտարկման եւ այլ հարցերուն: Ան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ժամանակ դիտարկման առաքելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ ԵԱՀԿ մեծաքանակ դիտորդական խումբ:
Խօսելով Արցախեան խնդիրի մասին, Փիթըր Էֆտիմիու նշած է, որ իրենց գլխաւոր նպատակներէն են քայլ առ քայլ խնդիրի խաղաղ լուծման հասնիլը, հակամարտ կողմերու միջեւ հաղորդակցութիւն ապահովելը, վստահութեան միջոցներու ամրապնդումը, սահմանի վրայէն դիպուկահարները հեռացնելու՝ նախապէս կայացուած որոշման իրագործումը: Ան վերահաստատած է իրենց դիրքորոշումը այն մասին, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը ղարաբաղեան հակամարտութեան ամենափորձառու, հեղինակաւոր ու մասնագիտացուած հարթակն է եւ ամենեւին օգտակար չէ խնդիրի կարգաւորումը այլ ատեաններ տեղափոխելը: