ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ, «ՓանԱրմինիըն».- Լաս Վեկասի մէջ կայացած է «Super Six» մրցաշարի կիսաեզրափակիչի մասնակիցներուն մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին բռնցքամարտիկ Անտրէ Ուորտ ըսած է, թէ Ֆրոչը Աբրահամի հետ մենամարտին ընթացքին լաւ մարտ պիտի ցուցաբերէ, իսկ ինք՝ յաղթանակի կը պատրաստուի, անպայմա՛ն:
«Շատերը ինծի լաւագոյնը կը համարեն, բայց ես համաձայն չեմ անոնց հետ, քանի որ պէտք է շատ մարզուիմ եւ ինքզինքս ցոյց տամ «ռինկ»ի վրայ: Ես կը յարգեմ բոլոր մրցակիցները, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ մենամարտին համար տարբեր կերպ կը պատրաստուիմ», Ուորտի խօսքերը կը հաղորդէ «fightnews.com»ը:
Նշենք, որ Արթուր Աբրահամի եւ Անտրէ Ուորտի միջեւ առաջին կիսաեզրափակիչը պիտի կայանայ Մայիս 14ին, ամերիկեան Կարսըն քաղաքին մէջ, իսկ Քարլ Ֆրոչ եւ Ալան Կրին պիտի հանդիպին Յունիս 4ին:
Իր կարգին, Արթուր Աբրահամ շնորհակալութիւն յայտնած է այս մրցաշարի կազմակերպիչներուն. «Գերմիջին քաշային կարգի մէջ աշխարհի չորս լաւագոյն բռնցքամարտիկները դուրս եկած են «Super Six»ի կիսաեզրափակիչ, եւ ես այստեղ եմ յաղթելու համար: Ես Ուորտի դէմ մարտին լաւագոյնը չեմ համարուիր, բայց ես պիտի պայքարիմ մինչեւ վերջ, եւ Մայիս 14ին պիտի նշենք մեր յաղթանակը», ըսած է ան: