
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Թերափը, Նուրին, Խուճկուլուլուն, Չիչի մաման, Պուռմատիկինը, Ծաղկամերը, Ակլատիզը եւ այլ տիկնիկներ, որոնք կազմած են հայու կենցաղին անբաժան մասը, այսօր մոռցուած են ու կ՛անտեսուին: Մոռցուող տիկնիկներու էութիւնն ու ծիսական խորհուրդը բացայայտելու նպատակով, Մայիս 7ին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, «Արատտա» երիտասարդական ակումբը կազմակերպած էր «Անձրեւի հարս» խորագիրով հայկական ծիսական տիկնիկներու ցուցահանդէս-մրցոյթը:
Կազմակերպիչներուն համաձայն, նշեալ ցուցահանդէսը քայլ մըն է տիկնիկները մոռացութենէ փրկելու: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին հայ ստեղծագործողներու կողմէ պատրաստուած շուրջ 50 տեսակաւոր տիկնիկներ:
«Արատտա» երիտասարդական ակումբի մշակութային բաժինի ղեկավար, ազգագրագէտ Մանան Առաքելեանի խօսքով, մրցոյթի մասնակցութեան ոչ մէկ յայտ մերժուած է: «Մասնակիցների հետ միասին որոշուեց, որ նրանք կարող են ազատ երեւակայութեամբ պատրաստել իրենց տիկնիկները՝ ներկայացնելով նախընտրած ժանրի եւ արտաքինի մէջ, ի հարկէ հաւատարիմ մնալով տուեալ տիկնիկի ծիսական խորհրդին», ըսաւ ան:
Մասնակցող լաւագոյն աշխատանքները պիտի ընտրուին ազգագրագէտ Ժենիա Խաչատրեանի եւ նկարչուհի, արուեստագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի կողմէ:
Տիկնիկագործ Ալինա Դաւթեան ցուցահանդէսին ներկայացուցած էր տարբեր տարազներով շուրջ 1600 տիկնիկ: Անոր աշխատանքին մէջ յատկապէս իւրայատուկ են զգեստներու համար նախատեսուած կարպետները, որովհետեւ անոնք շատ դժուար կը ճարուին, իսկ անոնց գոյները բոյսերէն կը ստացուին:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ կատարուեցաւ նաեւ Հայկ Սայադեանի «Նազարէ» փորձնական շարժանկարի անդրանիկ ներկայացումը, որ նուիրուած է հայոց ծիսական տիկնիկներուն: «Նազարէ»ն այլաբանական ֆիլմ է, որ կը պատմէ Նազարէ անունով տիկնիկագործի մը մասին, որ Մոզ քաղաքին մէջ տիկնիկագործներու յայտնի գերդաստանի վերջին շառաւիղն է: