
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահի մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Երեքշաբթի, Մայիս 10ին յայտնած է, թէ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Սուրիան փոթորկած ըմբոստութեան «ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը անցաւ», վստահեցնելով, որ կառավարութիւնը կրցած է կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնել։ Քանի մը ժամով Դամասկոս այցելելու արտօնութիւն ստացած լրագրողին հետ զրոյցի ընթացքին, Շաապան ըսած է. «Յոյսով եմ, որ այս հարցին վերջին հանգրուանը կ՛ապրինք: Կը կարծեմ, որ ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը մեր ետին է։ Կը յուսամ եւ կը կարծեմ»։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ այն, ինչ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, առիթ մը կ՛ըլլայ «շարք մը մարզերու մէջ, մասնաւորաբար քաղաքական մարզին մէջ, յառաջդիմելու»։ Ան նշած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է միջազգային որեւէ պատժամիջոց դիմակայելու, աւելցնելով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը կը նախատեսէ, թէ ցուցարարներուն դէմ որդեգրուած միջոցառումները յաջողութեամբ պիտի պսակուին։ «Զինեալ ըմբոստութիւն կատարողներուն նկատմամբ ներողամիտ չենք կրնար գտնուիլ», աւելցուցած է ան։
Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ վերջին չորս օրերուն ընթացքին Սուրիոյ սպահովական ուժերը 48 հոգի սպաննած են: Ըստ կառավարութեան հակադրուած կողմերու, ցարդ սպաննուած են մինչեւ 757 հոգի եւ ձերբակալուած են հազարաւոր ուրիշներ:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի 13 բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ որդեգրեց։ Անոնց շարքին են՝ Սուրիոյ նախագահին եղբայրը՝ Մահեր Ասատ, նախագահի զարմիկը՝ գործարար Ռամի Մախլուֆ, գաղտնի սպասարկութեան պետ Ալի Մամլուք եւ ներքին գործոց նախարար Մուհամմատ Իպրահիմ Շաար: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ արգիլեց դէպի Սուրիա արտածումը այնպիսի զէնքերու, որոնք կրնան ցուցարարները ճնշելու օգտագործուիլ։
Միւս կողմէ, սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լիբանանեան «Պինա» օրաթերթին յայտնեց, թէ Պանիասի մէջ արմատական կազմակերպութեան մը ղեկավարներու եւ իսրայէլեան «Մոսատ»ի սպաներու ձերբակալման մասին տեղեկութիւնները ճշգրիտ են։ Ան աւելցուց, որ «Մոսատ»ի գործակալները եւրոպական եւ արաբական անցագիրներ կը կրեն, իսկ ոմանք՝ սուրիական կեղծ փաստաթուղթեր։