ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Կապոյտ պաստառէն Մայիս 10ին հազիւ հաղորդուեցաւ, թէ այս տարի Հայաստանը ներկայացնող երգչուհին՝ Էմմի դուրս մնացած է EuroVision երաժշտական մրցաշարքէն ու Հայաստանը, իր մասնակցութեան օրէն ասդին առաջին անգամ ըլլալով, պիտի չփայլի միջազգային այդ փառատօնի եզրափակիչ փուլին, համացանցի հայ հետեւորդներուն մօտ անմիջապէս ծայր առաւ թեր ու դէմ կարծիքներու հրապարակային բուռն բանավէճը։
Տարակարծութիւնները միայն Հայաստանը ներկայացնող այս տարուան երգի գեղարուեստական որակին ու երգչուհիի արժանաւորութեան շուրջ չծաւալեցան։ Այլեւ՝ թեւակոխեցին նման միջազգային փառատօններու ընկերակցող քաղաքական հաշիւներու եւ խաղարկումներու ոլորտը, մէկ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ գործուած անարդարութիւնը դատապարտելով, իսկ միւս կողմէ՝ մեղքը բեռցնելով անյաջող երգի ընտրութեան քաղաքական պատասխանատուներուն վրայ։
Ճիշդ է, որ ուղղակի առումով՝ երաժշտութեան ու արուեստի աշխարհին կը պատկանի Հայաստանի արձանագրած այս տարուան ձախողութեան վերաբերեալ բանավէճը։ Այսուհանդերձ՝ Հայաստանը ներկայացնող երգի ընտրութեան դիտանկիւնէն, բանավէճը կ՛առնչուի նաեւ ազգային մտածողութեան եւ գաղափարախօսութեան հիմնական հարցին, ինչ որ չի կրնար անտարբեր ձգել հայ քաղաքական մտքի հոսանքները։
Փաստօրէն մենք աշխարհին ներկայացանք երգով ու երաժշտութեամբ մը, որ ժամանակակից ընդհանուր ոճին ու նորարարական կատարողութեան համահունչ էր։ Բայց չունէր ազգային այն առանձնայատուկ երանգը, որ իբրեւ երգ ու մեկնաբանութիւն՝ մերօրեայ ընկալեալ ճաշակին բաւարարութիւն տալով հանդերձ, հայ թէ օտար հանդիսատեսին պիտի տպաւորէր նաեւ իր… հայեցիութեա՛մբ։
Խօսքը կը վերաբերի ոչ միայն արուեստի ու մշակոյթի, այլեւ հասարակական կեանքի ու արարումի բոլոր մարզերուն մէջ, պատուաստման արժանի որեւէ նորարարութիւն անպայման հայացման բովէն անցընելու նախանձախնդրութեան, որ ազգային արժանիք եղած է մեր ժողովուրդին համար եւ հանդիսացած է կարեւորագոյններէն մէկը ազգային մեր առանձնայատկութեանց։
Կը նշանակէ, որ երաժշտական որեւէ արդիական ոճ կամ նորամուծութիւն կրնայ, ի վիճակի՛ է Հայու երգ դառնալու, այլ մանաւանդ՝ Հայաստանը պաշտօնապէս ներկայացնող երգի պատիւին արժանանալու, եթէ ամբողջացուցած է հայացման բովէն անցնելու այդ նախապայմանը։ Այսինքն՝ մերօրեայ հայու յուզաշխարհին ընդելուզուելու եւ անոր ինքնադրսեւորման հարազատ արտայայտութիւնը դառնալու երանգը գտած է։ Այլապէս՝ առանց հայացման բովէն անցնելու, նորարարական պատուաստումի ամէն փորձ ի վերջոյ կը դատապարտուի սոսկ նմանակումի մը վերածուելու… ձախողութեան ու ձախաւերութեան։
Իսկ նմանակումները կ՛արժեն միայն այդքա՛ն։ Կ՛ընկալուին իբրեւ սոսկ նմանակում եւ չեն արժանարար նորարարական ոճ մը ազգային առանձնայատկութեամբ հարստացուցած եւ ինքնուրոյն նուաճումի մակարդակին բարձրացուցած ձիրքի գնահատանքին։
Այդպէ՛ս ապրած եւ նուաճումներու հասած է մեր ժողովուրդը թէ՛ մշակոյթի ու արուեստներու ճակատին վրայ, թէ՛ քաղաքակրթական յառաջխաղացքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։
Ստեղծագործելու եւ զարգանալու իր հազարամեակներու երթին մէջ, մեր ժողովուրդը որքան իր ազգային արարումի ակունքներուն կառչած մնալով, նոյնքան եւ ժամանակի հետ այլոց նուաճած նորարարութիւնները հայացման իր բովէն անցընելու ձիրքով է, որ կրցած է «գերել»… աշխարհը։
Այն ճշմարտութիւնը, որ միայն մենք Թարգմանչաց Սերունդը սրբացուցած ենք եւ անոնց յիշատակին յաւերժացման համար Թարգմանչաց տօն ստեղծած ենք, ինքնին բաւարար է շեշտելու համար, որ առանց ստեղծագործական ձիրքին ու հայացման երկունքին, յառաջխաղացքի եւ ժամանակի հետ քայլ պահելու ճիգերը սոսկ նմանակում են, ազգային ինքնադրսեւորման հեռանկար չեն բանար եւ ուշ կամ կանուխ դատապարտուած են ձախողութեան։
Թերեւս հայ քաղաքական մտքի օրակարգին համար չափէն աւելի ծանրաբեռնում է այս աստիճան մտահոգութիւնը՝ EuroVision-ի երաժշտական մրցանքին մէջ այս տարի մեր արձանագրած ձախողութեան առիթով։
Բայց ազգային–պետական հպարտութեան իր արդար իրաւունքէն դարերով զրկուած մեր ժողովուրդը ամէն պատճառ ունի, որպէսզի այս աստիճան նախանձախնդիր գտնուի հայկական արժանաւորութեան ամէն կարգի դրսեւորումներուն նկատմամբ։
Հայեցիութեան ոչ մէկ երանգ կրող կամ արարող դրսեւորումները, գեղարուեստական ըլլան անոնք թէ հասարակական, պարզապէս կը խոցեն ազգային արժանաւորութեան մեր զգացումը եւ հպարտութիւնը։
Էապէս անհարազատ նմանակումներ են, որոնք կը վկայեն ազգային արարումի բեղմնազրկութեան մասին, հայացման կենսունակութեան անկումին մասին։
Մանաւանդ որ նմանակումներու վտանգը սկսած է սպառնալ ազգային ինքնադրսեւորման մեր առաջնային կռուանին՝ հայոց պետականութեան արմատաւորման ու հզօրացման մեր կարեւորագոյն երկունքին։
Արդէն ժամանակն է, նոյնիսկ ուշացած ենք, որպէսզի ազգային մեր առանձնայատկութեանց անփոխարինելի արժէքով չափենք ու կշռենք նպատակայարմարութիւնը մեր նետած քայլերուն, ինքնահաստատման բոլոր ոգորումներուն, Հայաստանի ու հայութեան վերականգնումի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։
Նմանակումներով միայն նահանջ կ՛արձանագրուի… լաւագոյն պարագային։