
ՊԱՔՈՒ.- «Իքոնոմիսթ» պարբերականին մէջ տեղ գտած «Հանրահաւաքներ Ատրպէյճանի մէջ. արգելափակուած Պաքուի մէջ» խորագիրով յօդուածով կը նշուի, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ անոր մտերիմները, առայժմ մեծ առաւելութիւն կը ստանան՝ իրենց տեսակին մէջ արմատական այնպիսի փոփոխութիւններ ընելու համար, որոնց կարիքը ունի երկիրը: Սակայն անոնք այդ մէկը չեն կրնար շարունակել յաւերժ:
Պարբերականը հարցադրումի ձեւով կը նշէ, թէ ցուցարարներուն ջանքերը որքանո՛վ ձախողութեան դատապարտուած են: «Ալիեւի վարչաձեւին տակ ատրպէյճանցիները ստացած են շատ բան: Քարիւղէն ստացուած հսկայական եկամուտները բերած են ենթակառուցուածքներու եւ վերակառուցման նախագիծերու իրականացում», կը նշէ պարբերականը՝ արձանագրելով, որ Համաշխարահին դրամատան գնահատականներով, հոն կեանքի մակարդակը նկատելի ձեւով բարելաւուած է, իսկ նախագահը ունի բարձր վարկանիշ:
«Սակայն նախագահը բաւական վախցած կ՛երեւի միւս վայրերուն մէջ տեղի ունեցող ապստամբութիւններէն, քանի որ «PR» հակագրոհներ սկսած են: Ան աշխուժացուցած է հեռատեսիլային իր ելոյթները եւ յայտարարած բազմաթիւ նոր նախաձեռնութիւններու, մանաւանդ՝ կաշառակերութեան դէմ բարձրացող արշաւներու մասին», կը գրէ պարբերականը:
«Իքոնոմիսթ»ը, միեւնոյն ժամանակ կը նշէ, թէ Ատրպէյճանը կաշառակերութեան դէմ պայքարի ցուցանիշով կը գրաւէ 134րդ տեղը «Transparency International»ի ցուցակին մէջ, Զիմպապուէի կողքին: Ըստ պարբերականին, կաշառակերութիւնը կը գերիշխէ հասարակական կեանքին մէջ, եւ որոշ քննադատներ, այդ կաշառակերութեան դէմ միջոցառումները «աչք փակել» կը համարեն:
«Երկիրը կը բախի այլ խնդիրի մը հետ եւս: Քարիւղային եկամուտները կը կազմեն Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 55 տոկոսը, սակայն անոնք չեն կրնար շարունակուիլ յաւերժ: Արտադրութիւնը արդէն հասած է առաւելագոյն կէտի, եւ որոշ գնահատականներու համաձան, Ատրպէյճանի քարիւղային պաշարները կրնան սպառիլ արդէն իսկ 2028ին: Կառավարութիւնը պիտի ջանայ պահպանել այն առատաձեռնութիւնը, որուն սովոր է հասարակութիւնը», կը գրէ «Իքոնոմիս»չը, եւ կ՛աւելցնէ. «Ատրպէյճանը հազիւ թէ հետեւի Եգիպտոսի եւ Թունուզի օրինակներուն, քանի որ ան չկրկնեց Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ «սենար»ը»: