Առաջնորդարանի ամառնային ճամբարի յանձնախումբը արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարէ այս տարուան ճամբարին համար: Այս տարի եւս ճաaմբարը պիտի տեւէ չորս շաբաթ՝ հետեւեալ ժամանակացոյցով.
Ա. Շաբաթ – Յուլիս 17-23
Բ. Շաբաթ – Յուլիս 24-30
Գ. Շաբաթ – Յուլիս 31էն Օգոստոս 6
Դ. Շաբաթ – Օգոստոս 7-13
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.hyecamp.com կայքը: