
Արեւմտեան թեմի գեղեցիկ աւանդութիւններէն է՝ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ծիրէն ներս գործակցական սիրոյ այն մթնոլորտը, որ տարիներէ ի վեր կը տիրէ Արեւելեան ուղղափառ՝ հայ, ղպտի եւ ասորի քոյր եկեղեցինեaրուն ու անոնց առաջնորդներուն միջեւ։ Անոնք քրիստոնէական փոխադարձ սիրոյ մթնոլորտի մէջ սերտօրէն կը գործակցին եւ զանազան մակարդակներու վրայ օգտաշատ ծրագիրներ կը մշակեն ու հաւաքներ կը կազմակերպեն՝ նպատակ ունենալով քրիստոնէական ուղղափառ դաւանութիւնն ու ժառանգութիւնը փոխանցել նոր սերունդներուն:
Այս ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, Մայիս 5ին, ղպտիներու Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Լոս Անճելըս, տեղի ունեցաւ միացեալ Ս. պատարագ՝ նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ առաջնորդներուն, յանձինս հիւրընկալ համայնքի առաջնորդ Սրապիոն եպիսկոպոսի, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսի։
Պատարագին մասնակցեցան երեք եկեղեցիներու ծառայող եկեղեցական հայրեր։
Առաջնորդները հոգեւորականներու թափօրով առաջնորդուեցան եկեղեցի, ուր համատեղ կատարեցին պատարագը, որուն ընթացքին յիշուեցան նաեւ երեք հոգեւոր պետերը՝ Արամ Ա. հայրապետը, Շնուտա Գ. պապը, եւ Զաքքա պատրիարքը։
Ս. հաղորդութեան ժամանակ, ներկայ եկեղեցականները երկիւղիւ եւ հաւատով մօտեցան եւ հաղորդուեցան Քրիստոսի Ս. մարմինով եւ արիւնով։
Պատարագի աւարտին, ներկայ հոգեւորականները ողջունեց Սրապիոն եպիսկոպոսը, եւ ապա եկեղեցւոյ կղերականներէն Ճոն վարդապետը խօսեցաւ եկեղեցւոյ հայր՝ Ս. Աթանաս Աղեքսանդրացիի կեանքին ու գործերուն մասին։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց այն հանգամանքը, թէ երեք ազգերն ալ պատմութեան ընթացքին իրենց քրիստոնէական հաւատքը պահպանած ու պաշտպանած են արիւնով, եւ մաղթեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն տիրէ. ան նաեւ ներկաներուն յայտնեց, թէ այս տարի Ս. Յարութեան տօնը եւ Ապրիլ 24ը զուգադիպած է նոյն օրը, որ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութենէն յարութիւն առնելու յիշատակն է:
Առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ մաղթեց, որ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները միասիրտ ու մէկ հոգի դառնան ու միատեղ զԱստուած փառաբանեն, ինչպէս էր պարագան քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին շրջանին։
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ. սիրալիր մթնոլորտի մէջ սկսած հոգեպարար օրը իր աւարտին հասաւ աղօթքով եւ բարեմաղթութիւններով։