Ապրիլ 21ին վաւերացուած որոշումով մը, Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետութիւնը Ապրիլ 24ը քաղաքին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակած էր: Այս առիթով, քաղաքապետութեան նախագահ Շերըլ Տէյվիս հռչակագիրէն օրինակ մը յանձնեց շրջանի ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արիկ Գէորգեանին, որ շրջանի հայ համայնքին անունով ողջունեց քաղաքապետութեան այս քայլը՝ վստահեցնելով, թէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը զայն գործադրողներու ժառանգորդներուն կողմէ ընդունիլ տալու համար, պայքարը պիտի շարունակուի:
Քաղաքապետութեան այս աննախընթաց որոշումին օրը, ժողովին ներկայ եղած են նաեւ ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի, շրջանի Հայ Դատի, Հայ կեդրոնի, ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի, ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի ու ՀՄԸՄի «Շան»չ մասնաճիւղի ներկայացուցիչները: