ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մայիս 12ին, կառավարութեան նիստի ընթացքին տեղի ունեցած է տհաճ բանավէճ մը ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանի եւ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) պետ Ստեփան Մնացականեանի միջեւ: Անոնք վիճած են Հայաստանի մէջ Հոկտեմբերին իրականացուելիք մարդահամարի նիւթական յատկացման շուրջ։
Ս. Մնացականեան ներկայացուցած էր երկու որոշում՝ մարդահամարի հարցաշարին եւ մարդահամարի կազմակերպման նպատակով 100 միլիոն դրամ յատկացնելու մասին: Ելեւմուտքի նախարարը առարկած է՝ ըսելով, թէ գումար կրնան յատկացնել միայն երրորդ եռամսեակին, եթէ խնայողութիւններ ըլլան:
ԱՎԾ պետը, զայրանալով՝ հարց տուած է, թէ ի՞նչ խնայողութիւններու մասին կը խօսուի։ Ան նոյնիսկ վարչապետէն ճշդում պահանջած է այն մասին, թէ իր ներկայացուցած նախագիծերէն մէ՞կը պիտի ընդունուի, թէ՝ երկուքն ալ: Վարչապետը ստիպուած եղած է հաւաստիացնել, որ երկուքն ալ պիտի ընդունուին։ Վարչապետը նաեւ յայտնած է, թէ նիւթական յատկացման հարցը հետագային պիտի քննարկուի։