– Սպանիոյ հարաւային շրջանի Լորքա քաղաքը Չորեքշաբթի գիշեր ցնցուեցաւ 4.4 ուժգնութեամբ երկրաշարժով մը։ Երկու ժամ ետք, նոյն շրջանին մէջ պատահեցաւ երկրորդ ցնցում մը, որ այս անգամ ունէր 5.2 սաստկութիւն։ Երկրորդ ցնցումը, որ զգալի դարձաւ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ եւս, պատճառ դարձաւ, որ կարգ մը շէնքեր փուլ գան։ Լրագրող մը, որ երկրաշարժը կը նկարագրէր, մազապուրծ եղաւ փուլ եկող եկեղեցիի մը զանգակատան փլատակին տակ մնալէ։ Երկու ցնցումները նիւթական մեծ վնասներ պատճառեցին եւ առնուազն 9 հոգի մահացաւ:
– Իրաքի մէջ ապահովական ուժեր Հինգշաբթի օր ներխուժեցին Իրաքի նախկին վարչապետ Զիատ Ալլաուիի բնակարանը եւ անոր ղեկավարած Համաձայնութեան շարժումի կեդրոնատեղին։ Վերջերս Ալլաուիի եւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի միջեւ սուր բանավէճ մը տեղի ունեցած էր՝ կասկածի տակ դնելով երկրին համախոհական կառավարութեան ապագան:
– Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը մօտաւորապէս 500 առիթներով տուգանքներ սահմանած է ինքնաշարժ վարողներու, որովհետեւ անոնք վարելու ընթացքին հեռաձայնով կը խօսէին: Ամբողջ նահանգին մէջ նման պատիժներ կրած վարողներուն թիւը հասած է 20 հազարի:
– Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի կինը՝ Հայրունիսա Կիւլ, Վիեննայի մէջ այցելած է ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի նկարներուն ցուցահանդէսը՝ մեծ հետաքրքրութեամբ դիտելով հայազգի ծովանկարիչին հրաշալի կտաւները։ Յիշեցնենք, որ Այվազովսքիի կտաւներէն մէկը կը զարդարէ Ապտուլլահ Կիւլի աշխատասենեակը։