Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Յօրանջելու (yawn) գործողութիւնը կը պարփակէ՝ ակամայ բերանը բանալ եւ երկար ու խորունկ շնչել, այլ խօսքով յօրանջոց ունենալ: Յօրանջելու եւ յօրանջոցի հոմանիշներն են՝ երեժկտալ եւ յօրանջ-երեժկտուք (yawning):
Անցեալին գիտնականներ չէին գտած յօրանջելու ճշգրիտ պատճառները:
Սակայն բժշկական ուսումնասիրութիւններու համաձայն, յօրանջոցը հետեւանքն է թթուածինի նուազումին թոքերու եւ ուղեղին մէջ:
Թթուածինի նուազումով ուղեղը կը գրգռուի եւ արագօրէն կը հրահանգէ, որ տեղի ունենայ յօրանջը: Ան կը տեւէ 5-7 երկվայրկեան: Ուրեմն այս ժամանակամիջոցին, ուղեղին հրամանով, բերանը կը բացուի լայնօրէն, ստոծանին (diaphragm) կ՛ուղղուի դէպի վար, թոքերը կ՛ընդլայնին եւ տեղի կ՛ունենայ արագ շնչառութիւն:
Յօրանջոցը անդրադարձ (response) գործողութիւն մըն է, որ կը յառաջացնէ արթնութիւն եւ խորունկ ու երկար շնչառութիւն: Անոր միջոցաւ բաւարար թթուածին կը հասնի թոքերուն եւ ապա՝ ուղեղին:
Յօրանջոցը կը յատկանշուի մեղմ ուժգնութեամբ ձայնով մը, որ սուլոցի կը նմանի:
Յօրանջող անձին քով գտնուողները ընդհանրապէս իրենք ալ կը սկսին յօրանջել: Այլ խօսքով յօրանջոցը փոխանցիկ է: Մինչեւ օրս չէ յայտնուած այս երեւոյթին գիտական դրդապատճառը:
Կոյրեր կը յօրանջեն երբ լսեն մէկու մը յօրանջոցը: Ուրեմն ան միայն տեսնելով փոխանցիկ չէ, այլ նաեւ լսելով:
Աճող սաղմը (embryo) 15 շաբաթէն ետք կը յօրանջէ:
Նորածինը առաջին շունչը առնելէ ետք շուտով կը յօրանջէ:
Մանուկները առաջին ամիսներուն շատ կը յօրանջեն:
Մարզիկներէն շատերը մրցումէ անմիջապէս առաջ կը յօրանջեն, որպէսզի բնականէն աւելի թթուածին հասցնեն իրենց ուղեղներուն:
Շուները օտար անձի մը վրայ յարձակելէ առաջ կը յօրանջեն, որպէսզի բաւարար թթուածին հասնի իրենց ուղեղին:
Հաւաքական միջավայրի մէջ եւ ընկերային շրջանակի մէջ յօրանջելը կը նկատուի տգեղ երեւոյթ մը: Յանձնարարելի է յօրանջելու ընթացքին բաց բերանը գոցել ձեռքով:
Յօրանջելու ընթացքին անհատը կրնայ ունենալ ընդհանուր յօդերու ցաւ, սակայն քնքածնօտային յօդն (temporomandibular joint) է, որ առաւելաբար կը ցաւի:
Բնական պայմաններու մէջ բոլորս կը յօռանջենք օրական մի քանի անգամ, որ բնական երեւոյթ է: Յօրանջոցը ա՛լ աւելի կը պատահի հետեւեալ ազդակներու գոյութեամբ՝
1. Քնոտութիւն՝ քունի պակաս, անկանոն եւ կրճատուած քուն,
2. Լուսաւորութիւն՝ քնանալու սկզբնաւորութեան,
3. Մտային, ֆիզիքական եւ հոգեկան յոգնածութիւն,
4. Նստակեաց կեանք,
5. Ճարպակալում-գիրութիւն,
6. Յուզում եւ անձկալի վիճակ:
Շարունակական եւ մնայուն (chronic) յօրանջոցը հիւանդագին երեւոյթ է: Ան հետեւանքն է որոշ հիւանդութիւններու, որոնք պատճառ կը դառնան օդի եւ հետեւաբար թթուածինի նուազ ներշնչումին: Այս հիւանդութիւններէն կարեւորագոյններն են.
1. Սրտա-թոքային հիւանդութիւններ,
2. Սրտի տկարացում եւ յոգնածութիւն,
3. Ճնշուածութիւն, ընկճուածութիւն եւ առանձնութիւն,
4. Քունի շնչադադար (sleep apnea),
5. Արեան տկարացում (anemia),
6. Գլխացաւ եւ Անգար (migraine),
7. Ուղեղային հարուած-վնաս,
8. Ուղեղային Խլիրդ,
9. Լուսնոտութիւն (epiledsy)
9. Նուաղում (shock)
10. Մահաքուն (coma)
11. Որոշ դեղեր, որոնք շնչառութիւնը կը տկարացնեն եւ նուազ օդի-թթուածինի ներշնչումին պատճառ կը դառնան:
Շարունակական յօրանջոցը կրնայ պատահիլ մի քանի վայրկիանը անգամ մը, որ կը դառնայ յոգնեցուցիչ: Ան կը յառաջացնէ սրտի անկանոն զարկ, ոտքերու եւ արմուկներու ցաւ, կեդրոնացումի դժուարութիւն, ուժասպառութիւն, յաւելեալ յօգնածութիւն, գլխացաւ եւ անձկալի վիճակ:
Կարելի՞ է կասեցնել եւ կամ արգելք հանդիսանալ յօրանջոցին:
Ոչ-հիւանդագին յօրանջը կարելի է կասեցնել դիմելով հետեւեալ միջոցառումներուն.
1. Բերանը շուտով գոցել,
2. Ծնօտները եւ ակռաները իրարու սեղմել,
Ոչ-հիւանդագին յօրանջը կարելի է նուազագոյնի իջեցնել եւ կամ արգելք հանդիսանալ դիմելով հետեւեալ միջոցառումներուն.
1. Օրինաւոր եւ չափաւոր քնանալ,
2. Քնանալ լոյսէ հեռու՝ մթութեան մէջ,
3. Չգիրնալ, քիչ ուտել,
4. Առողջապահական սննդականոնի հետեւիլ,
5. Առատ պտուղ եւ կանաչեղէն շատ ուտել,
6. Շաքար եւ ճարպ քիչ սպառել,
7. Նստակեաց կեանք չունենալ,
8. Մարմնամարզանքի հետեւիլ:
Հիւանդագին յօրանջը կը վերանայ դարմանելով անոր դրդապատճառ հիւանդութիւնը: