
– Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ օր հաղորդեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին, սղաճը 0.4 տոկոս եղած է, ինչ որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին սղաճի մակարդակը կը հասցնէ 3.2 տոկոսի: Այս աճը 2008էն ի վեր ամենաբարձրն է եւ անոր գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատուի քարիւղի գինին աճը:
– Եմէնի իշխող կուսակցութիւնը ողջունեց Եմէնի տագնապի լուծման Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութենէն Քաթարի քաշուիլը, եւ զայն ամբաստանեց Եմէնի դէպքերը հրահրելու յանցանքով: Եմէնի նախագահի համակիրներն ու հակառակորդները Ուրբաթ օր բազմամարդ հաւաքներ կատարեցին։ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ իր համակիրներուն առջեւ խօսք առնելով՝ ընդդիմադիր կուսակցութեանց կոչ ուղղեց դադրեցնել «կրակի հետ խաղալը»։