
ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանցի թալեպաններ Ուրբաթ, Մայիս 13ին հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ կիսազինուորական ուժերու վարժարանի մը դէմ անձնասպանական կրկնակի յարձակում մը կատարելով՝ առնուազն 80 զոհ պատճառեցին, միաժամանակ խոստանալով պըն Լատենի սպանութեան վրէժը լուծելու համար յաւելեալ յարձակումներու դիմել։
Թալեպաններու բանբերը յայտնեց, թէ գործողութիւնը պըն Լատենի «նահատակութեան» համար վրէժխնդրական արարք մըն է։ Գործողութիւնը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Իսլամապատէն 135 քիլոմեթր հեռու գտնուող քաղաքի մը մէջ։