
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 18ին այցելած է Բերձոր (Լաչին քաղաքը) շրջանային կեդրոնը, ուր մասնակցած է քաղաքի ազատագրման 19րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական հանդիսութիւններուն:
Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ Բերձորի ազատագրումը ռազմական, քաղաքական եւ հոգեբանական կարեւոր յաղթանակ էր ամբողջ հայ ժողովուրդին համար, առանց որուն անհնարին պիտի ըլլար պաշտպանել մեր երկրի անկախութիւնն ու ազատութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ առանց Քաշաթաղի շրջանին, հնարաւոր չէ Լեռնային Ղարաբաղին՝ իբրեւ անկախ պետութեան՝ գոյատեւումը: Բակօ Սահակեան Քաշաթաղի զարգացումը համարած է համահայկական կարեւորութիւն ունեցող ռազմավարական խնդիր, ընդգծելով, որ պետութիւնը հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէ անոր շէնացման ուղղութեամբ:
Հանդիսութիւններուն մասնակցած են հայ եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, խորհրդարանի եւ կառավարութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր Հայաստանէն: