ՍԻՏՆԻ.- Համազգայինի Աւստրալիոյ շրջանի 14րդ շրջանային ժողովը գումարուեցաւ 6, 7 եւ 12 Մայիսին, եւ յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:
Ժողովը քննեց շրջանաւարտ Շրջ. վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը եւ իր բանաձեւով բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքները:
Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ համազգայինի գործունէութեան մշակութային ու կրթական բոլոր հարցերուն, եւ կազմեց յառաջիկայ երկամեակի գործունէութեան ուղեգիծ:
Ժողովը յատկապէս անդրադառնալով համազգային Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն ճեմարանի աշխատանքներուն՝ շեշտեց, որ նորընտիր Շրջ. վարչութիւնը նոյն թափով շարունակէ հոգածութիւն ցուցաբերել, եւ աջակցելով խնամակալութեան՝ նպաստէ ճեմարանի վերելքին:
Ժողովը նաեւ գնահատեց կեցուածքը բոլոր այն ծնողներուն, որոնք գիտակցելով հայ դպրոցի կարեւորութեան՝ զօրաւիգ կը կանգնին հայ դպրոցին, ուղարկելով իրենց զաւակները հայկական վարժարան:
Ժողովը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ համազգայինի պարի խումբի գործունէութեան, թելադրելով, որ նորընտիր վարչութիւնը շարունակէ քաջալեր հանդիսանալ այս կարեւոր աշխատանքին:
Ժողովը աւարտին ընտրեց շրջանային վարչութեան նոր կազմը՝ բաղկացած հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիներէ. Հերոս Գրիգորեան, Այտա Յովակիմեան, Սիլվա Նազարեան, Արթօ Զարիկեան եւ Արշալոյս Թահմիզեան: