
ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Մայիս 19ին, Քազաֆիի ուժերը ծանրօրէն ռմբակոծեցին երկրին հարաւարեւմտեան լեռնային շրջաններու մէջ գտնուող ըմբոստներուն Զինթան գիւղաքաղաքի դիրքերը՝ առաջքը առնելու համար անոնց կողմէ դէպի Զաուիա յառաջխաղացքին: Կը կարծուի, թէ ըմբոստները պատրաստութիւններ կը տեսնեն Զաուիան վերագրաւելու՝ դէպի Թրիփոլի իրենց արշաւին նախապատրաստուելու համար:
Միւս կողմէ, Թրիփոլի անհիմն համարեց այն տեղեկութիւնները, թէ Քազաֆիի ընտանեկան պարագաները Թունուզ ապաստանած են: