
ՊԷՅՐՒՈԹ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Մայիս 18ի յետմիջօրէին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, «մարդկային իրաւունքները ոտնակոխելուն համար» Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ սուրիացի քանի մը այլ պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատած է։ Դամասկոս, իր կարգին, անկարեւոր համարեց այս որոշումը՝ աւելցնելով, թէ իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ առաջ մղուող իշխանութեանց դէմ պայքարը զսպելու աշխատանքը պիտի շարունակուի:
Վերջերս Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատած էր՝ յայտնելով, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի որոշէ պատժամիջոցներուն շրջանակին մէջ Ասատը ներառելու կարելիութիւնը։
Օպամայի ստորագրած հրամանագիրը կը սառեցնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ սուրիացի պաշտօնատարներու հարստութիւնները եւ ամերիկացի անհատներուն ու ընկերութիւններուն կ՛արգիլէ նշեալ պաշտօնատարներուն հետ գործառնութիւն ունենալը։ Ասատի կողքին, պատժամիջոցներուն մէջ ներառուած են փոխնախագահ Ֆարուք Շարաա, վարչապետ Ատել Սաֆար, ներքին գործոց նախարար Մուհամմատ Իպրահիմ Շաար, պաշտպանութեան նախարար Ալի Հապիպ, զինուորական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Ապտ Ֆաթահ Քտսիյէ, քաղաքական ապահովութեան տնօրէն Մուհամմատ Տիպ Զէյթուն, ինչպէս նաեւ Ասատի զարմիկը՝ զօր. Հաֆեզ Մախլուֆ։
Սուրիա դատապարտեց «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն պատրուակով» Ասատի եւ սուրիացի պաշտօնատարներու դէմ Միացեալ Նահանգներուն հաստատած պատժամիջոցները։ Սուրիացի պաշտօնական աղբիւր մը «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ այդ միջոցառումները կ՛իյնան ամերիկեան իրերայաջորդ վարչակարգերուն կողմէ սուրիացի ժողովուրդին դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներու ծիրին մէջ, որոնք կ՛որդեգրուին՝ նկատի ունենալով ամերիկեան վարչակարգի շրջանային ծրագիրները, որոնց առաջին հերթին վրայ կու գան իսրայէլեան շահերը։
Աղբիւրը վստահեցուց, որ այդ պատժամիջոցները չեն ազդած եւ պիտի չազդեն Սուրիոյ անկախ որոշումներուն վրայ, ու համապարփակ բարեփոխումներու ամբողջացման համար որդեգրուած քայլերը պիտի շարունակուին:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Չորեքշաբթի օր «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, թէ Ուաշինկթըն Ասատի կոչ ուղղած է իր երկիրին մէջ քաղաքական իսկական բարեփոխում իրականացնելու կամ՝ հեռանալու։ Ան նաեւ յայտնած էր, որ ամերիկեան վարչակարգը Ասատի դէմ ուղղակի պատժամիջոցներ կը հաստատէ, որպէսզի սուրիական կառավարութիւնը դադրեցնէ «իր ժողովուրդին դէմ բռնարարքները եւ դէպի ժողովրդավարական վարչակարգ փոխանցման սկսի»։