ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի թալեպանները Ուրբաթ, Մայիս 20ին յայտարարեցին, թէ հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի Փեշաուար քաղաքին մէջ, Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին պատկանող երկու ինքնաշարժներու վրայ կատարած են յարձակում մը, որուն ընթացքին մէկ հոգի սպաննուած է եւ վիրաւորուած են 11 ուրիշներ: Վիրաւորներուն շարքին էին ամերիկեան հիւպատոսարանի երկու պաշտօնեաներ: Յարձակումը կու գայ միանալու ամերիկեան յատուկ ուժերու կողմէ Ուսամա պըն Լատենի սպանութենէն ետք տեղի ունեցած յարձակումներուն, սակայն այս մէկը, առաջին անգամն ըլլալով թիրախ դարձուցած էր ամերիկացիներ: Փաքիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտնեց, թէ յարձակումին ընթացքին ոեւէ ամերիկացի չէ վիրաւորուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.