ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի իրադարձութեանց շուրջ Հինգշաբթի, Մայիս 19ի իր ելոյթին ընթացքին ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի շարք մը երկիրներու մէջ տեղի ունեցող բարեփոխութեանց եւ բարեկարգումի պահանջներուն։
Օպամա նաեւ ընթացող ժողովրդավարականացման գործընթացին օժանդակելու նպատակով, Եգիպտոսի եւ Թունուզի տնտեսական օժանդակութիւններ խոստացաւ։
Օպամա Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի կոչ ուղղեց՝ իշխանութիւնը փոխանցելու, իսկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի՝ իր խոստացած բարեփոխումները կատարելու կամ՝ հեռանալու։ Պահրէյնի պարագային, ան լուծումը նկատեց կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը։ Ան «անընդնունելի» որակեց երեք երկիրներուն մէջ ցուցարարներու դէմ բռնարարքները:
Օպամա նաեւ յայտնեց, թէ երիտասարդներու փոքր խմբակ մը յաջողեցաւ կարճ ժամանակուան մէջ աւելի մեծ իրագործումներու հասնիլ, քան ահաբեկիչները՝ տասնամեակներու ընթացքին։ Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ ինքնորոշման ձգտող փոփոխութիւնը եւ իր ամբողջ ազդեցութիւնը պիտի օգտագործէ զօրակցելու համար այդ փոփոխութեան։
Մինչ Պահրէյնի եւ Սուրիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիր շրջանակները ողջունեցին Օպամայի խօսքերը, անոնք յոյս յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն աւելի կտրուկ միջոցառումներու կը դիմէ:
Իր խօսքի աւարտին, Օպամա դարձեալ կոչ ուղղեց կողք կողքի ապրող ու 1967ի սահմաններով պաղեստինեան ու իսրայէլեան պետութիւններու կազմութեան, աւելցնելով, որ երկու կողմերն ալ պէտք է հաւատարիմ մնան խաղաղութեան գործընթացին։ Ուշագրաւ կերպով, ան նշեց, որ ժողովրդավար պետութիւն մը կազմելու հրեաներուն երազը չի կրնար իրականանալ մնայուն բռնագրաւումի ճամբով:
Հանրապետական ղեկավարներ Ուրբաթ օր Օպաման ամբաստանեցին Իսրայէլի դաւաճանելու յանցանքով, պարզապէս, որովհետեւ ան կրկնած էր Իսրայէլ-պաղեստինեան տագնապը լուծելու համար ՄԱԿի կողմէ հաստատուած սկզբունքները, իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, որ Ուրբաթ օր Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Օպամայի հետ, յայտարարեց, թէ համաձայն չէ 1967ի սահմաններուն վերադառնալու գաղափարին, որովհետեւ նման սահմաններ «անպաշտպանելի» են։
Յատկանշականօրէն, Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութիւնը պաղեստինեան գրաւեալ տարածքներու վրայ Հինգշաբթի օր 1550 նոր բնակարաններ կառուցելու արտօնութիւն տուաւ, հակառակ այն իրողութեան, որ միջազգային համայնքը նման կառոյցներ ապօրինի կը նկատէ:
Մեղմացնելու համար Իսրայէլի զայրոյթը, Օպամա միաժամանակ յայտարարեց, թէ դէմ պիտի դնէ պաղեստինեան անկախ պետութեան մը ճանաչումը ապահովելու համար ՄԱԿի մէջ տարուող ջանքերուն:
Օպամայի ելոյթէն հետաքրքրականօրէն կը բացակայէին քննադատութիւնները՝ այլ երկրի մը մէջ (Պահրէյն) ժողովրդային ցոյցերը ճզմելու համար զինուորական ուժ ղրկած իր դաշնակիցին (Սէուտական Արաբիա) նկատմամբ: Օպամա նաեւ ուղղակի ակնարկութիւն մը չըրաւ, թէ Ծոցի արաբական երկիրներու իր դաշնակիցները եւս պէտք է օգտուին ժողովրդավարականացման այս ալիքէն: Ըստ երեւոյթին, Օպամա ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը պարտադիր կը նկատէ միայն կարգ մը երկիրներու համար: