
Մայիս 3ին, Ջաւախքի, Արցախի եւ Հայաստանի հայութեան հասցէագրուած 89 սնտուկներ ճամբայ ելան ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան կեդրոնէն դէպի Հայաստան: Սնտուկներուն մէջ կային մանկապարտէզի աշակերտներու յատուկ համազգեստներ, խաղալիքներ, կօշիկներ, ծածկոցներ, հագուստեղէն եւ այլն: Սնտուկները կը փոխադրուին Միացեալ հայկական հիմնադրամին ջանքերով:
Այս տարուան ընթացքին, 178 նման սնտուկներ ղրկուած են արդէն: