
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սեւ ծովուն շուրջ օղակաձեւ մայրուղիի շինարարութիւնը տակաւին կը գտնուի նախագծամն փուլի մէջ: Այդ մասին Մայիս 25ին յայտարարեց ԱԺ տնտեսա-վարկային եւ պիւտճէթային յանձնաժողովի նախագահ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Գագիկ Մինասեանը:
Անոր համաձայն, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը դէմ են, որ մայրուղին անցնի նաեւ Հայաստանով, սակայն մնացեալ երկիրները կը կարծեն, թէ այս քայլը կը հակասէ կազմակերպութեան սկզբունքներուն:
Սեւ ծովուն շուրջ օղակաձեւ մայրուղիի կառուցման վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրուած է Պելկրատի մէջ, 2007 Ապրիլ 19ին, եւ ուժի մէջ մտած է 2008ի Նոյեմբեր 1ին:
Նախնական գնահատումներով, ուղիին երկարութիւնը պիտի ըլլայ աւելի քան 7100 քմ.: Անիկա պիտի անցնի Պոլիսով, Պաթումով, Նովորոսիսքով, Տականրոքով, Մարիուփոլով, Օտեսայով, Քիշնեւով, Պուխարեսթով, Խարքովով եւ Ալեքսանդրոպոլիսով: Հայաստանի փոխադրամիջոցի այն ժամանակուան նախարար Անդրանիկ Մանուկեանի առաջարկով, մայրուղին կառուցելու պահուն պէտք է հաշուի առնուի նաեւ դէպի Սեւ ծով փոխադրամիջոցի ելքի հնարաւորութիւնը այն երկիրներուն համար, որոնք այժմ չունին ատիկա:
Նշենք, որ ներկայիս Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան անդամներ են Հայաստանը, Ալպանիան, Ատրպէյճանը, Պուլկարիան, Վրաստանը, Յունաստանը, Մոլտովան, Ռումանիան, Ռուսիան, Թուրքիան, Ուքրանիան եւ Սերպիան: