
ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովը սկսաւ քննարկելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ տրուած՝ Անկախութեան տարեդարձին առթիւ համաներումի յայտարարութիւն կատարելու դիմումը:
Նախագահին կողմէ, դիմումի առաջարկին մանրամասնութիւնները Ազգային ժողովին ներկայացուց արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանը, որ ԱԺ ամպիոնէն յայտարարեց, թէ այս համաներումը 2009ին յայտարարուած համաներումէն աւելի ընդգրկուն է՝ մեկնած յանցագործութիւններու ցանկի տեսակէտէն:
Համաներման շնորհիւ, մինչեւ 10 տարուան բանտարկութեան ենթարկուածներուն նկատմամբ պիտի կիրառուի պատժաչափի կրճատում. լրիւ ազատ կ՛արձակուին 396 դատապարտեալներ, 379ին նկատմամբ պատիժի կիրառումը մասամբ կը նուազի, նախնական կալանքի տակ գտնուողներէն 153 հոգի ազատ կ՛արձակուի եւ 195ին նկատմամբ մասամբ կը կիրառուի համաներումը:
Ազգային ժողովը համաներման դիմումի հարցին գծով իր որոշումը պիտի տայ այսօր:
Լրագրողները, Ազգային ժողովի նիստէն դուրս եկած արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանին հարցեր ուղեցին համաներումին մասին:
Նախարարի պատասխաններէն պարզուեցաւ, որ համաներումը պիտի տարածուի մարտմէկեան դէպքերով բանտարկեալներու որոշ մասին վրայ միայն:
Նախարարը յստակ պատասխան չէ տուած այն հարցումին, թէ արդեօք համաներումը պիտի ընդգրկէ՞ Նիկոլ Փաշինեանը: Սասուն Միքայէլեանի մասին, նախարարը նշեց, թէ անոր ազատ արձակման համար Հայաստանի նախագահին դիմած է Ազգային ժողովի նախագահը, ինչ որ կ՛ենթադրէ բոլորովին այլ ընթացակարգ:
Այն հարցումին, թէ հնարաւո՞ր է համաներումը տարածուի «Ինթըրփոլ»ի կողմէ հետախուզման մէջ գտնուող ներքին գործոց նախկին նախարար, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Վանօ Սիրադեղեանի վրայ՝ Հրայր Թովմասեան պատասխանած է. «Ես նման տեղեկութիւններ չունեմ»: