ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Քոնկրեսի անցեալ տարուան Նոյեմբերի ընտրութիւններէն ետք Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն մը ապահոված, իսկ Ծերակոյտին մէջ իրենց դիրքը զօրացուցած հանրապետականները, այս տարուան ընթացքին ընկերային ու առողջապահական պետական սպասարկութեանց, ինչպէս նաեւ աշխատաւորական միութիւններուն եւ անոնց իրաւունքներուն դէմ լայնածաւալ արշաւ մը սկսած էին՝ որոշ «իրագործումներ» ապահովելով:
Կուսակցութեան ծայրայեղ թեւին պատկանող հանրապետականները, որոնք հաւանաբար մտավախութիւն ունին, որ իրենց կամքը պարտադրելու ժամանակաշրջանը կրնայ կարճատեւ ըլլալ, այս տարուան ընթացքին տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու վրայ աշխատաւորներու իրաւունքները սահմանափակելու նպատակով, մօտաւորապէս 850 առաջադրութիւններ ներկայացուցած են, մինչ սովորաբար տարեկան հազիւ 100 առաջադրութիւն կը կատարուէր:
Անոնք միաժամանակ կը փորձեն տուրքերու բեռը շրջել միջին ու չքաւոր դասակարգին վրայ, ամէն քայալփոխի ընդդիմանալով մեծահարուստներու կամ հսկայ ընկերութեանց տուրքերը բարձրացնելու փորձերուն:

Կուսակցութեան այս թեւին ապահոված մեծագոյն իրագործումը կը նկատուի ամավարկի այն առաջարկը, որ 55 տարիքը բոլորած ամերիկացիներուն խոստացուած «Մետիքեր» ծրագիրը արմատականօրէն փոփոխութեան կ՛ենթարկէ:
Այս հարցը դարձած էր Նիւ Եորքի հիւսիսարեւմտեան շրջաններու քոնկրեսական 26րդ տարածքի արտակարգ ընտրութիւններուն որոշիչ հարցերէն մէկը, եւ Երեքշաբթի, Մայիս 24ին, դեմոկրատ թեկնածու Քեթի Հոքըլի ապահոված յաղթանակը, կրնայ դառնալ հանրապետականներու դէմ ստեղծուող ժողովրդային դժգոհութեան առաջին գործնական հակազդեցութիւնը: Յաղթանակը յատկանշական էր, որովհետեւ ընտրաշրջանը հանրապետականներու համար ապահով ընտրատարածք մը կը նկատուէր:
Հանրապետական ու «Թէյի շարժում» քաղաքական նոր ուժին ներկայացուցած թեկնածուներուն կրած պարտութիւնը, վստահաբար, նեղ կացութեան մատնած է հանրապետական ղեկավարութիւնը, որ պէտք է արագօրէն իր քաղաքականութիւնը բարեփոխելու քայլերու դիմէ, եթէ կը փափաքի 2010ի ընտրութիւններէն ետք իր ապահոված առաւելութիւնները պահել 2012ի ընտրութիւններէն ետք նոյնպէս: